Նոյեմբեր 9, 2013, առաւօտեան ժամը 9-ին ՌԱԿի Մեծագոյն Նիւ Եորքի Արմենական-Յովսէփեան ակումբին հրաւէրով նախաճաշ-հանդիպում մը կազմակերպուեցաւ թուրք լրագրող ու Մեծ եղեռնի պատասխանատուներէն Ճեմալ փաշայի թոռան` Հասան Ճեմալի հետ։ Բացի ընկերներէ, ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայկական համագումարի (Արմինիըն Էսեմպլի), Վարդանանց ասպետներու համախմբումի, ԹՄՄ-ի պատասխանատու ազգայիններ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ԹՄՄ-ի Նիւ Ճըրզիի կեդրոնին մէջ։
Օրուան բացումը կատարեց Տոքթ. Վաղինակ Դարբինեան, որ յանուն ՌԱԿ-ին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ վարեց օրուան յայտագիրը։ Քաղաքս այցելաբար ժամանած լաթաքիահայ մեզի բարեկամ Յակոբ Ադամեան ընթերցեց իր կողմէ թարգմանուած նախաբանը գիրքին, որ ինքնին արեւմտահայ գեղեցիկ թարգմանութիւն մըն էր։ Սոյն գիրքին հրատարակութիւնը շուտով լոյս պիտի տեսնէ ԹՄՄ-ի կողմէ։ Այնուհետեւ խօսք առաւ Վարդանանց Ասպետներու ծանօթ սպարապետներէն եւ սիրուած ազգային Հրանդ Կիւլեան, որ հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան հիւրը, որ յատկապէս եկած էր ներկայ գտնուելու այս եւ նախորդ երեկոյեան Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեգւոյ մէջ տեղի ունեցած ժողովրդական հանդիպման, որուն ներկայ գտնուած էին 250 ազգայիններ։
Յաւուր պատշաճի իր խօսքը փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿ-ի մշտական ներկայացչութեան դիւանագէտներէն Սահակ Սարգսեան, որ արժեւորեց նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը հանրային կարծիք կազմելու համար Ցեղասպանութեան շուրջ, մանաւանդ` Մեծ եղեռնի դարադարձի նախօրէին։
Պրն. Ճեմալ անգլերէն լեզուով կարդաց իր խօսքը՝ իր՝ Ցեղասպանութեան նուիրուած համանուն գիրքին հրատարակութեան դրդապատճառներուն մասին տալով լուսաբանութիւններ։ Ան իր գրաւոր խօսքը յանձնեց ՌԱԿ-ի պատասխանատուներուն, որպէսզի այդ հրատարակուի իրենց պաշտօնաթերթ` «Տհը Արմինիըն Միրըր.Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթին մէջ։
Առիթ տրուեցաւ ներկաներուն սրտբացօրէն արտայայտուելու եւ հարցադրումներ կատարելու։ Ներկաները, ամենայն համարձակութեամբ, կրցան իրենց երբեմն զգացական եւ երբեմն քաղաքական հարցերը տալ հիւրին։ Հասան Ճեմալ այդ հարցերուն պատասխանեց ամենայն պատասխանատուութեամբ։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Նիւ Եորք