Սեդա Ստեփանեանի «Իսկ արեւը կը շարունակէր լկտիաբար շողալ» ձայնասփիւռային թատերակը Բրիտանական խորհուրդի եւ BBC-ի համաշխարհային ծառայութեան Ձայնասփիւռային թատերգութիւններու միջազգային 23-րդ մրցոյթին ընդգրկուած է լաւագոյն 7 աշխատանքներու ցանկին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան գրասենեակի մամլոյ ծառայութիւնը:
BBC-ի համաշխարհային ծառայութիւնը այս տարի աշխարհի տարբեր անկիւններէ ստացած էր 1000-էն աւելի թատերակներ:
Ամենամեայ մրցոյթին յաղթող կը ճանչցուին երկու հեղինակ երկու անուանակարգի մէջ: Յաղթողները պիտի մեկնին Միացեալ Թագաւորութիւն, պիտի արժանանան դրամական պարգեւի եւ պիտի հետեւին իրենց թատերակի բեմադրմանը եւ հեռարձակմանը BBC-ի համաշխարհային ծառայութեամբ:
Սեդան աւարտած է Երեւանի Պրիւսովի անուան պետական համալսարանը: Դեկտեմբերին Երեւանի պետական կամերային թատրոնին մէջ Գոռ Մարգարեան պիտի բեմադրէ անոր «Սթրիպթիզ» թատերգութիւնը:
BBC-ի համաշխարհային ծառայութեան Ձայնասփիւռային թատերգութիւններու միջազգային մրցոյթի վերջնական արդիւնքները յայտնի պիտի ըլլան տարեվերջին: