Ռաֆֆի Պետիկեան
Տինսլաքըն՝ 30Ապրիլ 2020 – Գերմանիա
Սփիւռքահայ նուիրուած ազգային գործիչի մը պատմութիւնը։
Սեպուհ Պաղտոյեան Աւստրիոյ հայ գաղութի ամենաճաչցուած եւ յարգուած անձնաւորութիւններէն է։
Վերջերս հրատարակած է իր ինքնակենսագրութիւնը անգլերէն լեզուով:“The Adventurous Life of Sebouh Baghdoyan A Universal Armenian“
Սեպուհ ծնած է 1952 թուականին, Լիբանան: Կարճ ձեւով կը պատմէ 1958-ի եղբայրասպան, միջկուսակցական կռիւներու մասին, որու հետեւանքով Սեպուհի հայրը ստիպուած է փակելու իր կօշիկի գործարանը եւ փոխադրուելու Դամասկոս։ Սեպուհ մանկութիւնը անցուցած է չքաւորութեան մէջ։ Անոր վրայ դրական ներազդեցութիւն ունեցած է իր մեծ հայրը՝ Կարապետը որ պատմած է Ցեղասպանութեան մասին: Սեպուհին փոխանցած է Հայուն ցաւը։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Շամլեան-Թաթիկեան եւ Հայ Աւետարանական քոլեճին մէջ՝ Պէյրութ։ Փոքր տարիքէն իսկ մասնակցած է ազգային կեանքին իբրեւ սկաուտ՝ ՀՄՄ եւ ՀԵԸ Զարեհ Նուպար:
Երկու ուսուցիչներ շատ մեծ ազդեցութիւն ձգած են Սեպուհի վրան:Անգլերէնի ուսուցչուհին, տիկին Ռութ Աճեմեանը, որ Սեպուհի մօտ արթնցուցած է ընթերցասիրութեան սէրը, եւ Հայերէնի ուսուցիչ պարոն Վարդգէս Թութիկեանը, որ արթնցուցած է Հայոց պատմութեան, գրականութեան սէրը։ Պատանի տարիքէն ընդգրկուած է «Խօսնակ Պատանեկան» թերթի խմբագրութեան մէջ։
Դպրոցը աւարտելէ ետք աշխատանքի անցած է Լիբանանեան օդանաւային ընկերութեան(MEA) մօտ։ Եւ այնտեղ… հանդիպած է իր կեանքի մեծագոյն սէրին՝ Շողիկին: Շողիկին հետ ամուսնացած է եւ 1976 թուականին, միասնաբար հաստատուած են Վիեննա՝ Աւստրիա, ուր կ’ապրին մինչեւ այսօր։
Պաղտոյեան ամոլը ունեցած է երեք զաւակ Սալբի, Սիփան եւ Սարին: Այսօր արդէն ունին թոռնիկներ:
1992 թուականէն սկսեալ կ’աշխատի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ)-ի թմրեցուցիչներու հսկողութեան բաժնին մէջ(ODCCP)։
Ուսանած է նաեւ միջազգային յարաբերութիւններ։ Սեպուհ աշխատանքի բերումով ձեռք բերած է մեծ փորձառութիւն: Այցելած է 60 երկիրներ, կազմակերպած եւ մասնակցած է հարիւրաւոր համագումարներու:
Վիեննա հաստատուելէ ետք կ’ունենայ բեղուն ազգային գործունէութիւն։
Գործունեայ վարչական անդամ կ’ըլլայ՝ Աւստրիոյ Հայ Ուսանողական Միութեան,ՀԲԸՄ-ի Վիեննայի մասնաճիւղին,Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ,Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Աւստրիոյ մանաճիւղին:
Սեպուհ Պաղտոյեան հիմնադիր նախագահն է Արարատ Մարզական Միութեան: Անդամ է Համաեւրոպական եւ Համահայկական Ողիմպիական մարմիններուն՝ որոնց շնորհիւ հազարաւոր Հայ երիտասարդ – երիտասարդուհիներ իրարու կը ծանօթանան, ընկերային կապեր կը ստեղծեն եւ կը ծանօթանան հայրենիքին։
1984-1988 թուականներուն իր փեսային, Հրայր Կարապետեանի հետ միասին հրատարակած է «Հրայրք» շաբաթաթերթը։
Ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ,պարգեւատրուած է բազմաթիւ շքանշաններով։
Ինչո՞ւ այս գիրքը եւ այս գրախօսականը։
Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդի մեծագոյն հարստութիւնը Հայ մարդն է, իր մտային պայծառութեամբ, գիտութեամբ, հոգեկան, բարոյական, գաղափարական ամրութեամբ, հայրենասիրութեամբ եւ ազգասիրութեամբ, նուիրուածութեամբ, զոհողութեան ոգիով։ Որքան զօրաւոր ըլլայ Հայ մարդը եւ ընտանիքը, այդքան զօրաւոր կըլլայ Հայաստանը եւ Հայ ժողովուրդը։
Մեր վերջին հարիւրամեակի պատմութիւնը, սփիւռքի պատմութիւնը, թագաւորներու պատմութիւնը չէ, այլ Հայ մարդու եւ Հայ գերդաստաններու պատմութիւնն, է Սեպուհներու պատմութիւնն է։
Ցեղասպանութենէն ետք Միջին Արեւելքի գաղութներու, Սուրիա, Լիբանան, Պոլիս,Իրան, Իրաք, Յորդանան Երուսաղէմ եւ Եգիպտոս, համեստ պայմաններու մէջ, ընտանիք-ՀԱՅ դպրոց -եկեղեցի եւ ակումբ, նուիրուած ուսուցիչներու շունչին տակ դաստիարակուեցան սերունդներ, որոնք մինչեւ իրենց ոսկորին ծուծը հարիւր տոկոս Հայ ըլլալով հանդերձ, սորվեցան բազմաթիւ լեզուներ, ստացան բարձրորակ կրթութիւն (Շնորհակալութիւն՝ հայ դպրոց) եւ յաջողեցան աշխարհի ամենահզօր երկիրներու մէջ, միշտ հաւատարիմ մնալով իրենց արմատներուն։
Սփիւռքը յարատեւեց եւ կը յարատեւէ հարիւրաւոր, հազարաւոր նուիրուած հայորդիներու շնորհիւ։
Այս գիրքը անոնցմէ մէկուն պատմութիւնն է, սփիւռքի մէկ բեկորին, Սեպուհ Պաղտոյեանի պատմութիւնն է, որ կը փոխանցուի սերունդէ-սերունդ իբրեւ պատմութիւն եւ պատգամ:
Բայց Սեպուհ Պաղտոյեանը… մէկ հատիկ է , իւրահատուկ է, ազնիւ, հայրենասէր ու ազգասէր, նուիրուած ու զոհաբերող եւ միաժամանակ լայնախոհ ու ճկուն ։
Սեպուհին կը ճանչնամ 1985 թուականէն ի վեր եւ ինծի համար մեծ հարստութիւն է զինք ճանչցած եւ անոր ընկերութիւնը վայլած ըլլալս:
Վարձքդ կատար, առողջութիւն եւ երկար կեանք, սիրելի Սեպուհ: