Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Աշուրայի սգատօնին առիթով կազմակերպուած երեկոյի մը ընթացքին յայտնեց, որ այնքան ատեն որ շրջանին մէջ ամերիկեան եւ իսրայէլեան ծրագիրներ կան` իրենք պիտի ընդդիմանան անոնց, եւ պայքարը բաց պիտի մնայ` ամէն իմաստով:
Անդրադառնալով ծովային սահմանագծումի ծրագիրին` սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ այդ թղթածրարին պէտք եղած ժամանակը պիտի ընծայեն, որպէսզի տեսնեն, թէ հարցերը ո՛ւր կ՛առաջնորդուին, եւ ըստ այնմ պիտի շարժին:
Անդրադառնալով իրանեան նաւթի ներածումին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ իրենք լիբանանեան պաշտօնական պատասխանի կը սպասեն, որպէսզի իրանցիներուն ներկայացնեն նաւթի իրենց պահանջը: «Արդեօք կը յանդգնի՞ք Միացեալ Նահանգներէն պահանջել, որ Լիբանանը զերծ կացուցէ պատժամիջոցներէն, որպէսզի քիչ մը յաւելեալ ելեկտրականութիւն ունենանք», հարց տուաւ սէյիտ Նասրալլա: