Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որ ունէր քաղաքական բնոյթ:
Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ Գերմանիոյ կողմէ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն որակելու որոշումին` նկատել տալով, որ նման որոշում մը կ’ակնկալուէր գերմանական իշխանութիւններէն` փաստելու համար անոնց ենթակայութիւնը ամերիկեան վարչակազմին: «Նման որոշում Դիմադրութեան դէմ մղուած ամերիկեւիսրայէլեան պատերազմին մաս կը կազմէ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան աւելցուց, որ Գերմանիա ոչ մէկ փաստ ներկայացուցած է Հըզպալլայի մասին իր տուած որոշումին մասին, ինչ որ աւելի եւս կ’ընդգծէ, թէ անիկա քաղաքական որոշում է` գոհացնելու համար Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները:
Ան կոչ ուղղեց Գերմանիոյ մէջ ապրող լիբանանցիներուն չմտահոգուելու, որովհետեւ անոնք յանձնառու են երկրին օրէնքներուն ու կանոններուն, եւ իբրեւ այդպիսին գերմանական իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է պաշտպանել զանոնք: «Սակայն պէտք է արձանագրել կեցուածք մը, որովհետեւ լիբանանցիներուն դէմ յարձակում կատարուած էր` առանց անոնց դէմ փաստեր ունենալու: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին պէտք է պաշտպանէ արտերկրի իր քաղաքացիները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նման որոշումներ Դիմադրութեան կամքը չեն տկարացներ, այլ` կը մղեն զայն բռնագրաւումին դէմ աւելի բուռն պայքար տանելու:
Ակնարկելով կառավարութեան վաւերացուցած ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ անիկա ազգային ամրապնդումի կարիք ունի` աւելցնելով, որ ատիկա կ’արտօնէ կառավարութեան եւ պետական հաստատութիւններուն աւելի հեզասահ կերպով գործադրելու զայն: Այս շրջագիծին մէջ սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Հըզպալլա պիտի մասնակցի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւիրած հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը, նախագահական պալատին մէջ:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ կառավարութեան մշակած ելեւմտական-տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրը կարեւոր ծրագիր է` աւելցնելով, որ անոր նկատմամբ դրական մօտեցում պէտք է ցուցաբերել, ինչպէս նաեւ զայն գիտական քննարկումի ենթարկել, եւ երկրին շահերը ապահովելու համար հեռու մնալ քաղաքական ծուղակներէ:
«Հըզպալլա չի մերժեր աշխարհի որեւէ անկիւնէն օժանդակութիւն խնդրելու սկզբունքը, սակայն կը մերժենք մեր պարանոցը յանձնել Միջազգային դրամական ֆոնտին: Հետեւաբար Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւնը պէտք է քննարկուի կառավարութեան նիստերուն ընթացքին, որպէսզի սերտուի, թէ անիկա Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ՞, թէ՞ ոչ: Իսկ պայմաններն ու նախապայմանները պէտք է կատարեալ լրջութեամբ, զգուշութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ քննարկել», հաստատեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր դրամատնային մարզին հետ առնչութիւն չէ ունեցած: «Հըզպալլա կը հասկնայ դրամատուներուն կողմէ ամերիկեան ցանկերուն յանձնառու մնալու պարտաւորութիւնը, սակայն դրամատուներ կային, որ ամերիկացիներէն աւելի ամերիկեան էին եւ մեզի դէմ չափազանցուած քայլերու դիմեցին` ընդառաջելու համար ամերիկեան պահանջներուն», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն հանդէպ դրամատուներուն ցուցաբերած վարկաբեկիչ վարուելակերպը հիմնական պատճառներէն մէկն է Հըզպալլայի կողմէ այդ մարզին քաղաքականութեան մերժումին` նկատել տալով, որ 1993-էն ի վեր երկրին մէջ որդեգրուած ելեւմտական քաղաքականութիւններէն ամէնէն աւելի օգտուող մարզը դրամատնային մարզն է:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այն տարաձայնութիւնները, թէ Հըզպալլա կը փափաքի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնին տիրել, անհեթեթ են:
Ան կոչ ուղղեց լումայափոխներուն կառչած մնալու օրէնքին եւ չխախտելու զայն` ընդգծելով, որ Հըզպալլա լումայափոխներու աշխատանք չի տանիր եւ ոչ ոքի պարտականութիւն տուած է նման աշխատանք մը տանելու:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ են ու ամուր` շեշտելով, որ այս իմաստով ինք լրիւ կը բաժնէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այն կեցուածքը, թէ այդ յարաբերութիւններուն ամուր մնալը ո՛չ միայն կ’օգնէ երկուքին հզօրացման, այլ` կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Հըզպալլա նախանձախնդիր է Լիբանանի շահերը պաշտպանելու: Ան Հըզպալլայի պատրաստակամութիւնը յայտնեց լիբանանեան շրջաններուն մէջ տարակարծութիւնները փարատելու եւ տեսակէտներու մերձեցում յառաջացնելու առումով: «Երկիրը կարիքը ունի հանդարտութեան եւ համագործակցութեան, որպէսզի կարենայ դուրս գալ տնտեսական եւ ելեւմտական իր տագնապէն», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա: