Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն:
Ան շնորհաւորեց լիբանանցիները անկախութեան 78-ամեակին առիթով եւ հաստատեց, որ լիբանանցիներուն պատասխանատուութիւնն է պահպանել երկրին անկախութիւնը: «Իսկ եթէ անկախութիւնը ձեւական է, ապա զայն պէտք է վերածեն իսկական եւ ամբողջական անկախութեան», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ երբ Լիբանանին կ՛արգիլուի իր բնական հարստութիւններէն օգտուիլ, ասիկա կը նշանակէ, թէ անոր գերիշխանութիւնը խոցելի է եւ պակասաւոր: «Լիբանանեան քաղաքական, դատական եւ ապահովական մարզերուն, ինչպէս նաեւ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ամերիկեան միջամտութիւնները իրենց կարգին Լիբանանի գերիշխանութիւնը խոցելի եւ պակասաւոր կը դարձնեն», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ այնքան ատեն որ Լիբանան կը գտնուի իսրայէլեան սպառնալիքի դիմաց, իրենք կը գտնուին անկախութեան եւ գերիշխանութեան ճակատամարտի մէջ: «Տարբեր ճակատամարտերու ընթացքին արձանագրած ենք յաղթանակներ եւ վստահ ենք, որ եթէ կամքով ու անշեղ ընթացքով շարունակենք մեր ուղին, ապա կրնանք նաեւ նոր յաղթանակներ կերտել», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով Դիմադրութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ նկատի ունենալու քայլին` սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ անիկա ուղղակիօրէն կապուած է շրջանային զարգացումներուն եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Ան հաստատեց, որ վերջերս Հըզպալլայի դէմ կեղծ եւ անճիշդ փաստաթուղթեր գոյութիւն ունին` դիտել տալով, որ այդ փաստաթուղթերը մշակուած են տգէտներու կողմէ, որոնք լիբանանցիներ չեն:
Հըզպալլայի կողմէ իրանեան մազութ ապահովելու նախաձեռնութեան անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ առաջին փուլին ընթացքին Հըզպալլայի նուիրած մազութին սակը երկու միլիոն վեց հարիւր հազար տոլարի շուրջ էր:
Ան հաստատեց, որ մազութ ներածելու երկրորդ փուլը պիտի սկսի` շեշտելով, որ մազութին թիթեղը պիտի վաճառուի ճշդուած պաշտօնական սակէն շատ աւելի նուազ գինով, մէկ միլիոն լ. ոսկի, այն բնակիչներուն համար, որոնք կ՛ապրին ծովու մակերեսէն աւելի քան 500 մեթր բարձրութեան վրայ:
Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Թայյունէի դէպքերուն վերաբերեալ դատական իշխանութիւններուն ընթացքը վտանգաւոր է եւ սադրանքներ կը նախապատրաստէ:
«Դատական իշխանութիւնները կ՛ենթարկուին քաղաքական եւ կրօնական ճնշումներու` ազատ արձակելու համար կարգ մը ձերբակալեալներ, իսկ յանցագործներէն ոմանք կը գտնուին Մեհրապի մէջ: Դատական իշխանութիւններուն վրայ բանեցուած ճնշումը նահատակներուն եւ վիրաւորներուն նուաստացումն է», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով դեղորայքին տրամադրուած պետական նպաստի կասեցման որոշումին` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ անիկա կտրականապէս մերժելի է, որովհետեւ ուղղակիօրէն առնչուած է հազարաւորներու կեանքին հետ:
«Կոչ կ՛ուղղեմ առողջապահութեան նախարարին վերատեսութեան ենթարկելու այդ որոշումը, իսկ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է յանդուգն կեցուածք որդեգրէ չարաշահողներու եւ ամերիկեան տոլարի սակը ճշդող սեւ շուկան ղեկավարողներուն նկատմամբ: Այս իրավիճակին դիմաց կարելի չէ լուռ մնալ», եզրափակեց ան: