ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ներկայութեամբ՝ 15 Դեկտեմբերին տրուեցաւ «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի (ԱՏԳ) գործունէութեան մեկնարկը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան, Սիւնիքի մարզպետ Վահէ Յակոբեան, Հայաստանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյետ Քազեմ Սաճատի եւ խումբ մը գործարարներ:
Սուրէն Կարայեան նշեց, որ տնտեսական գօտին նախատեսուած է կառուցապատել երկու փուլով: «Առաջին փուլով ստեղծուած են նուազագոյն անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներ ու նախապայմաններ ԱՏԳ աշխատանքները մեկնարկելու եւ այնտեղ գործելու նպատակ ունեցող ընկերութիւններու գործունէութիւնը կազմակերպելու համար», ըսաւ նախարար Կարայեան:
Ըստ անոր՝ երկրորդ փուլով կը նախատեսուի ԱՏԳ գործունէութեան համար անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներու եւ տարածքի յաւելեալ 70 հեկտարով ընդլայնում՝ ստեղծելով նախապայմաններ շահութաբեր գործ ծաւալելու համար: Նշեալ տարածքներէն շուրջ 50 հեկտարը պիտի տրամադրուի շահագործողներու գործունէութեան ապահովման, 10 հեկտարը՝ պահեստային տարածքներուն, մնացածը՝ գրասենեակային եւ այլ ծառայութիւններու համար:
«Կը նախատեսուի յառաջիկայ տարիներուն ներգրաւել 50-70 շահագործող ընկերութիւններ, որոնք պիտի իրականացնեն շուրջ 100-130 միլիոն տոլարի ներդրումներ, պիտի ստեղծեն 1500 նոր աշխատատեղ եւ պիտի արտածեն 250 միլիոն տոլարի ապրանքներ ու ծառայութիւններ», աւելցուց նախարարը: Ան հաւաստեց, որ արդէն իսկ կան յստակ ընկերութիւններ, որոնք փափաք յայտնած են գործունէութիւն ծաւալելու «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիին մէջ, եւ յառաջիկայ օրերուն անոնցմէ հինգին հետ պիտի ստորագրուին համաձայնագիրներ:
Նախարարը նաեւ կարեւոր նկատեց այն փաստը, որ նորաբաց «Մեղրի» եւ Իրանի «Արաս» ազատ տնտեսական գօտիներուն միջեւ արդէն իսկ ստորագրուած է համագործութեան յուշագիր, որ պիտի նպաստէ երկկողմ տնտեսական համագործակցութեան եւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու յաւելումին:
Ըստ Կարայեանի՝ «Մեղրի» ԱՏԳի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն նաեւ եւրոպական, ռուսական եւ իրանեան ընկերութիւններ:
Հայաստանի հարաւային սահմանին տեղակայուած «Մեղրի» ԱՏԳին մէջ գործունէութիւն ծաւալողները պիտի ազատին շահութահարկէ, աւելցուած արժէքի հարկէ, ակցիզային (անուղղակի տուրք-Խմբ.) հարկէ եւ մաքսատուրքերէ՝ վճարելով միայն եկամտային հարկ:
Ազատ տնտեսական գօտիին մէջ հնարաւորութիւնները կարելի եղածին չափ օգտագործելու համար, թոյլատրուած է ոլորտային լայն ընդգրկուածութիւն. ներկայացուած պիտի ըլլան գիւղատնտեսութեան, մշակող արդիւնաբերութեան, առեւտուրի, փոխադրումներու եւ պահեստային տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներ:
ԱՏԳի գործունէութեան ժամկետը 50 տարի է:
Ծրագիրի իրականացման նպատակով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հիմնադրուած է ւ «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտի ՓԲԸն: Ընկերութեան 100 տոկոս բաժնետոմսերու փաթեթը կը տնօրինուի «Համահայկական ֆոնտ» փակ ոչ-հրապարակային պայմանագրային ներդրումային ֆոնտին կողմէ: