ՀԱԼԷՊ, ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Գանձասար», «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբերին, «Շամ Թայմզ»ը հաղորդեց, որ 5 տարի ետք, առաջին անգամն ըլլալով, սուրիական բանակը մուտք գործեց Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան Ռաքքա քաղաքը, ուր հաստատեց իր վերահսկողութեան կեդրոնները: Ժողովուրդը ցնծութեամբ դիմաւորեց սուրիական բանակը:
Սուրիոյ պետական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը մուտք գործեց հիւսիսային Հասաքէի Թել Թամըր շրջանի երեք նոր գիւղեր՝ իրենց երկրին ու անոր ապահովութեան նկատմամբ իրենց պարտականութեան ծիրին մէջ, պայքարելու համար թրքական բռնագրաւման դէմ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներ դիտել տուին, որ սուրիական բանակը շրջանին մէջ շուրջ հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածք առած է իր հսկողութեան տակ, ներառեալ՝ Մընպեճը, զինուորական Թապաքա օդակայանը եւ ելեկտրականութեան ու ջուրի երկու կայաններ եւ Եփրատի վրայ քանի մը կամուրջներ:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն՝ Ռուսիոյ ռազմական ոստիկանութիւնը Մընպեճի սահմանագիծին վրայ կը շրջագայի եւ մնայուն կապի մէջ է Սուրիոյ ու Թուրքիոյ ուժերուն հետ:
Մինչ այդ, բախումները կը շարունակուին քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն եւ թրքական բանակին ու անոր հետեւող խմբաւորումներուն միջեւ, յատկապէս Ռաս Ուլ Այնի մէջ:
Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն վրայ շղթայազերծուած յարձակումներուն պատճառով, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Բրիտանիայէն եւ Հոլանտայէն ետք Սպանիա յայտարարեց, որ իրենք զէնք պիտի չարտածեն Թուրքիա: Սպանիա կոչ ուղղեց Թուրքիոյ՝ կասեցնելու շրջանի կայունութիւնը վտանգող ռազմական գործողութիւնները, որոնց պատճառով մարդկային մեծ կորուստներ պիտի արձանագրուին, եւ գաղթականներու ալիքը պիտի աշխուժանայ:
Թուրքիոյ նախագահը անգամ մը եւս յայտարարեց, որ ոչինչ արգելք պիտի ըլլայ իր ռազմական գործողութիւններուն՝ շեշտելով, որ պատժամիջոցներու սպառնալիքը զինք չի վախցներ:
Միւս կողմէ, միջազգային ուժերու հետեւորդ զինուորներ, նաեւ միջազգային փրկարար կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, «Բժիշկներ առանց սահմանի» կազմակերպութեան անդամներ հեռացան հիւսիսային Սուրիայէն: