Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի յայտնեց, որ «Սուրիոյ Արաբական լիկայի անդամակցութեան վերականգնման թուական չկայ, եւ այդ հարցը արաբական համաձայնութեան կը կարօտի»` աւելցնելով. «Այդ համաձայնութիւնը առայժմ ամբողջական կերպով չէ գոյացած»:
«Հարցը ուշ չէ, սակայն ոմանց մտածածին նման մօտ չէ, եւ այդ առնչութեամբ այդ համաձայնութեան չմիացած կարգ մը երկիրներու կողմէ շատ խօսքեր ու կեցուածքներ կան, եւ իւրաքանչիւր կողմ իր տեսակէտը ունի», ըսաւ Զաքի:
«Հարցը չէ վճռուած, ուստի ատոր համար կարելի չէ որոշակի ժամանակամիջոց ճշդել», աւելցուց ան:
Նշենք, որ Արաբական լիկան կիրակի օր յայտարարեց, որ արաբական յաջորդ վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 1-2 նոյեմբերին, Ալճերիոյ մէջ:
Լրատուամիջոցներ, յղում կատարելով լիկային, հաղորդեցին, որ անդամ կարգ մը երկիրներու Սուրիոյ` Արաբական լիկա վերադարձի հարցին վերաբերող դիրքորոշումին մէջ փոփոխութիւն կայ, «սակայն ասիկա համաձայնութիւն յառաջացնելու համար բաւարար չէ»: