Վերջին երեք օրերուն ընթացքին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցան Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ` հանդիպումներ թեմակալ առաջնորդներուն հետ` հրաւէրով եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի:
Կրօնական Ժողովը լայնօրէն քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրօնական դաստիարակութեան, կիրակնօրեայ վարժարաններու, երիտասարդական, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու բաժանմունքներուն կատարած աշխատանքները անցնող ամիսներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայի ծրագիրները: Քննարկումի նիւթ դարձան հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եղբայրակցութիւններուն հետ Ս. աթոռին յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան աշխատանքներուն ընթացքը: Յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձան դպրեվանքը, քահանայից դասընթացքը եւ քահանայից վերաորակաւորման գծով կատարուած նախաձեռնութիւնները: Զեկուցումներու եւ քննարկումներու լոյսին տակ, վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատանքին ու ձեռք ձգուած յաջողութիւններուն առնչութեամբ: Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ շեշտեց, որ «կատարուածով պէտք չէ բաւարարուիլ, այլ ձգտիլ աւելիին, լաւագոյնին, ամբողջականին: Եկեղեցին կոչուած է ընդառաջել մեր ժողովուրդի կարիքներուն եւ սպասումներուն, որոնք այլազան են ու բազմազան»:
Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովը իր կարգին նախ եւ առաջ քննարկեց յունիսին տեղի ունենալիք Ազգային ընդհանուր ժողովին առնչուած հարցեր: Քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ Արցախի մէջ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող Նոր Կիլիկիա գիւղը: Ճշդուեցաւ կաթողիկոսարանի 2013-ի ընթացիկ նախահաշիւ պիւտճէն` 2012-ին իրագործուած պիւտճէին վաւերացումէն ետք: Ընդհանուր ակնարկ մը նետուեցաւ կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն`յատկապէս Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած: Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ անդրադարձաւ կարգ մը թեմերուն հետ աղերս ունեցող կարեւոր հարցերուն, ապա շուրջ չորս տարիներ առաջ ճշդած իր աշխատանքային ծրագիրին վերարժեւորումը կատարեց:
Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած ժողովական աշխատանքներուն երրորդ հանգրուանը հանդիսացաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ թեմակալ առաջնորդներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը: Սոյն հանդիպման ընթացքին, լայն քննարկումի եւ խորհրդակցութեան նիւթ դարձան Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հարցը, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին գծով տարուող աշխատանքները, հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովը, ինչպէս նաեւ Ազգային ընդհանուր ժողովը: Վերոյիշեալ հարցերուն գծով վեհափառ հայրապետը անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց ժողովականներուն` միաժամանակ պարզելով մեր Ս. աթոռին տեսակէտները, մտահոգութիւնները եւ սպասումները:
Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հարցը թէ՛ Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն եւ թէ առաջնորդներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումներուն եւս առաջնահերթ տեղ գրաւած էր: Այս առիթով նախ կարդացուեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան սրբազանին ընդարձակ զեկուցումը` կատարուած օժանդակութեան աշխատանքներուն շուրջ: Նշենք, որ սրբազանը չէր կրցած այս ժողովներուն ներկայ գտնուիլ` Հալէպի օդակայանի փակման պատճառով: Ապա վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր թեմերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետութեան, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան եւ այն բոլոր գաղութներուն, կազմակերպութիւններուն ու անհատ ազգայիններուն, որոնք օժանդակած էին Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն: Վեհափառը յայտնեց, որ կաթողիկոսարանին կողմէ ցարդ ստացուած շուրջ մէկ միլիոն տոլարին մեծագոյն մասը արդէն փոխանցուած է Հալէպի Ազգային առաջնորդարան: Վեհափառ հայրապետը այս առիթով կոչ ուղղեց թեմակալ առաջնորդներուն եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որ նո՛յն ոգիով շարունակեն իրենց աջակցութիւնը օժանդակելու սուրիահայութեան կարիքներուն:
Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներու եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ յառաջիկային տեղի ունենալիք եպիսկոպոսաց ժողովին գծով անհրաժեշտ տեղեկութիւնները տրուեցան Օշական արքեպիսկոպոսին եւ Նարեկ արքեպիսկոպոսին կողմէ, որոնք անդամ են յիշեալ ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն լծուած յանձնախումբին: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողով մը գումարելու հրամայականը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ հայ եկեղեցւոյ ծիսական բարեկարգութիւնը:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման աշխատանքներուն ծիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ գումարուող 100-ամեակի համահայկական յանձնախումբի ծրագրումներուն եւ աշխատանքներուն: Ապա ան շեշտեց սփիւռքի եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն մէջ միասնական ոգիով, ծրագրուած աշխատանքով ու պահանջատիրական կեցուածքով 100-ամեակը նշելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Ազգային ընդհանուր ժողովին ու Արցախի մէջ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող Նոր Կիլիկիա գիւղին, սփիւռքի մարդուժին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան հետ կապ ունեցող խնդիրներ: