ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուրբաթ, 8 Մայիսին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Էդմոն Մարուքեանի եւ «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Սասուն Միքայէլեանի միջեւ ծայր առաւ սուր բանավէճ մը, որ վերածուեցաւ ծեծուըտուքի։
Դէպքը սկսաւ, երբ Մարուքեան իր խօսքին մէջ դիմեց «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Բաբկէն Թունեանին, որ «Լուսաւոր Հայաստան»ին վերաբերող արտայայտութիւն ունեցած էր, եւ յայտարարեց․ «Երբ ամպիոնէն «սրիկա» կամ նման բառեր կ’օգտագործէք, անիկա լարուածութիւն կը յառաջացնէ»։
Իր նստած տեղէն միջամտութիւն կատարեց Սասուն Միքայէլեան, որուն պատասխանեց Մարուքեան, եւ բանավէճը վերածուեցաւ կռիւի։
Նշենք, որ ժողովին կը քննարկուէր կառավարութեան 2019-ի ծրագիրին կատարման ընթացքը եւ արդիւնքները, դահլիճին մէջ ներկայ էին նաեւ կառավարութեան անդամները:
Աւելի ուշ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան միջադէպը նկատեց «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան կողմէ սադրանքի արդիւնք, սակայն դատապարտեց նաեւ իր քաղաքական ուժը` «այդ սադրանքին տրուելու համար», եղածը համարելով յեղափոխութենէն ետք իրենց ուժին մեծագոյն պարտութիւնը։
«Ուզում եմ միանշանակ եւ աներկբայ ընդգծել իմ վերաբերմունքը` ասելով, որ դատապարտում եմ բռնութեան ցանկացած երեւոյթ` իր բոլոր դրսեւորումներով: Ուզում եմ ընդգծել` բռնութիւնը` իր բոլոր դրսեւորումներով, որովհետեւ բռնութիւնը լինում է ոչ միայն ֆիզիկական, այլ նաեւ բարոյական, բռնութիւնը լինում է հոգեբանական: Եւ պէտք է շատ ուղիղ ընդգծել, որ արդէն երկու տարի յեղափոխական թիմը, այդ թւում այս խորհրդարանական մեծամասնութիւնը եւ այս կառավարութիւնը հետեւողականօրէն եւ շարունակաբար ենթարկւում են բարոյական եւ հոգեբանական բռնութիւնների», յայտնեց Փաշինեան։
Վարչապետը վստահութիւն յայտնեց, որ այս բոլորը ունին մէկ նպատակ` խեղճացնել, քայքայել քաղաքական մեծամասնութիւնը եւ քայքայել ժողովուրդին ու քաղաքական մեծամասնութեան միջեւ վստահութիւնը: Ան յիշեց, որ 7 Մայիսին, Էտմոն Մարուքեան զինք հրաւիրած էր սուրճ խմելու, իսկ ինք ընդառաջած էր. «Եւ ես ուղիղ ասել եմ, որ մենք բոլորս ունենք հիմքեր` կասկածելու, որ դուք եւ ձեր գործունէութիւնը` այդ ողջ հոգեբանական, բարոյական բռնութիւնները, ի վերջոյ ֆիզիկական բռնութիւններ գործարկելու պլանի մի անբաժանելի մասն էին», յայտնեց ան:
Վարչապետը ըսաւ, որ քանի մը անգամ դիտած է տեսագրութիւնը եւ նկատած, որ եղածը սադրանք է. «Տեղի ունեցածն այլ կերպ, քան սադրանք, քստմնելի սադրանք, ես չեմ կարող, կը ներէք, անուանել, մանաւանդ այդ տեսագրութիւնը մի քանի անգամ դիտելուց յետոյ: Սակայն դատապարտում եմ նաեւ այն, որ մենք տրւում ենք սադրանքների: Իմ եղբօրը, իմ ընկերոջը ես դատապարտում եմ, որովհետեւ մենք իրաւունք չունենք տրուելու սադրանքների», շեշտեց Փաշինեան:
Ըստ վարչապետին՝ անոնք կ՛ուզեն այս իշխանութեան ներկայացուցիչները դարձնել մարդ ծեծողներ, հաւասարակշռութենէ դուրս բերել զանոնք։
«Ես դատապարտում եմ մեզ, ես դատապարտում եմ ինձ: Եւ այսօր տեղի ունեցածը համարում եմ մեր եւ անձամբ իմ ունեցած ամենամեծ պարտութիւնը, որ մենք ունեցել ենք յեղափոխութիւնից յետոյ: Սակայն սա թող որեւէ մէկին յուսավառ չանի», յայտնեց ան։
Ըստ անոր՝ ընդդիմութեան վարքագիծը կապ ունի Ապօրինի գոյքի բռնագանձման մասին օրէնքին հետ, կապ ունի բազմապիսի քրէական գործերու հետ:
Ան նոյն ժամանակ նկատել տուաւ, որ բռնութեան կ՛ենթարկուի ոչ միայն իշխող մեծամասնութիւնը, այլ հոգեբանական բռնութիւն կը բանեցուի հանրութեան վրայ: «Բռնութիւնը մեր իրականութեան մէջ տեղ չունի, եւ այդ միջադէպը այլեւս երբեք չպէտք է կրկնուի: Երկրում տեղի է ունեցել մասշտաբային փոփոխութիւն: Բայց այդ մասշտաբային փոփոխութեան ընթացքում այդպիսի միջադէպեր չեն եղել, բռնութեան դրսեւորում որեւէ մէկի նկատմամբ չի եղել: Եւ միակ բռնութեան դրսեւորման հեղինակը մեր քաղաքական թիմից եղել է նոյն մարդը` Սասուն Միքայէլեանը, որը պլաստիկէ շիշն ուղղորդել է դէպի Լեւոն Երանոսեանը», ըսաւ Փաշինեան։