Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու նուիրուած աղօթքի շաբթուան տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 19 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած սուրբ կոյսերուն, ապա Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով կազմուեցաւ թափօր` առաջնորդութեամբ ՀՄՄ-ի շեփորախումբին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, որպէսզի Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքները փոխադրուին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի: Յիշեալ եկեղեցւոյ ծխական շրջանի սկիզբը թափօրը դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, նոյն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տիկնանց յանձնախումբին եւ դպրաց դասին կողմէ եւ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն, որմէ ետք սրբազան հայրը փոխանցեց իր պատգամը` շեշտը դնելով տօնի կարեւորութեան վրայ եւ հաստատեց սուրբերուն ունեցած հաւատքին դերակատարութիւնը մեր կեանքին մէջ:
Չորեքշաբթի, 20 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ արարողութենէն ետք առաջնորդ սրբազանը ձեռնադրեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպիր-դպրուհիներէն 24 հոգի` անոնց շնորհելով 4 աստիճաններ: Այնուհետեւ իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ սոյն ձեռնադրութիւնը կը կատարուի, որպէսզի դպիր-դպրուհիներուն ծառայութեամբ առաւել եւս փայլք տրուի եկեղեցւոյ արարողական կեանքին եւ իրենց աշխատանքին ընդմէջէն ոգեւորուի ժողովուրդը: Անդրադառնալով Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին` սրբազանը մաղթեց, որ անոնց օրինակը սրբութիւն բերէ մեր կեանքին:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի վարչութեան կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան ձեռնադրուած դպիր-դպրուհիներուն:
Յայտնենք, որ այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կարճ աղօթքի պահէ մը ետք` նախագահութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին, Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով պիտի կազմուի թափօր` դէպի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի: