Լեւոն Շառոյեան (Հալէպ)
Կար ժամանակ, երբ սփիւռքահայ գրականութիւնը ապրո՛ղ, շնչո՛ղ իրականութիւն էր: Աշխարհի մօտիկ ու հեռաւոր գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ հայ գրողներ կային,– արձակագիրներ, բանաստեղծներ, մամուլի երախտաւորներ: Ֆրանսան՝ իր Որբունիներով, Նարդունիներով, Փօլատեաններով, Ամերիկան՝ իր Արամ Հայկազներով, Համաստեղներով ու Վահէ-Հայկերով, Պոլիսը՝ Պիպեռեաններով, Զահրատներով ու Խրախունիներով, Սուրիա-Լիբանանը՝ Մուշեղ Իշխաններով, Ծառուկեաններով, Սիմոնեաններով եւ այլն, եւ այլն:
Հիմա գրեթէ շիջած է գաղթահայ այս գրականութիւնը: Նոյնիսկ եթէ չէ ցամքած լրիւ, կրնանք անվարան ըսել սակայն՝ որ անիկա կ՛ապրի իր տխո՜ւր մայրամուտը:
Սփիւռքը, ուրեմն, հազիւ ԴԱՐ ՄԸ կրցաւ ապրեցնել իր գրականութիւնը: Ու այս ընկրկումին ԳԼԽԱՒՈՐ պատճառը լեզուին (արեւմտահայերէնի) ահաւոր նահանջն է ամէնուրեք: Երբ չկան իրենց լեզուին տիրապետող նորահաս սերունդներ, գիր-գրականութիւն չի ստեղծուիր: Լեզուն լծա՛կն է գրականութեան:
Այսուհետեւ, ուրեմն, կամայ-ակամայ՝ սփիւռքահայ գրականութեան պիտի նայինք իբրեւ ԱՆՑԵԱԼ: Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս կը նայինք նախաեղեռնեան արեւմտահայ գրականութեան, իր Մեծարենցով, Վարուժանով ու Պարոնեանով:
Այս մտորումներուն անձնատուր եղայ երկա՜ր ամիսներ՝ երբ ձեռնարկեցի պատրաստութեանը «Սփիւռքահայ գրականութիւն» խորագրով նոր դասագիրքի մը, զայն աւանդելու համար Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկին մէջ, իբրեւ գրականութեան ճիւղի ուրոյն մէկ ոստը: Կրթական սա անցնող տարեշրջանին (2020-2021)՝ այս դասագիրքը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ արդէն հիմնարկին Գ. եւ Դ. բարձրագոյն կարգերուն մէջ: Նիւթը, իր բերած նորութիւններով, ուսանողներու շրջանակին մէջ ստեղծեց լայն շահագրգռութիւն ու խանդավառութիւն:
Դասագիրքը բաժնուած է չորս մասի.- Ամերիկահայ գրականութիւն, Ֆրանսահայ գրականութիւն, Միջինարեւելեան հայ գրականութիւն եւ իսթանպուլահայ գրականութիւն:
Ի՛սկապէս, որքա՜ն արժէքներ տուած է սփիւռքը մեր գրականութեան: Թէ՛ քանակով, թէ՛ որակով: Բայց տխուր է, որ ան գրեթէ կասած է այսօր: Կամ ըսենք՝ «կանթեղին ձէթը սպառելու վրայ է»…: