«Նայիրի» բժշկական կեդրոն տեղափոխած են սիրուած դերասան Սօս Սարգսեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Երկիր»-ը` վկայակոչելով «Հրապարակ»-ը: Նախնական ախտորոշմամբ` դերասանի մօտ յայտնաբերուած է շնչթոքերու անբաւարարուածութիւն: Ուշ երեկոյեան պարզուած է, որ Վարպետը թէեւ կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունք կը գտնուի, բայց առողջական վիճակը բաւարար է:
Մտերիմները կ’անհանգստանային, որ մեր շարժանկարի Նահապետը չկրնայ մասնակցիլ յաջորդ շաբաթ կայանալիք իր «Ոտնամանները» գիրքի շնորհանդէսին: