ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Նպատակադրած ենք Սիլվան, կամ ալ պատմական անունով Տիգրանակերտ կանգ առնել ու ապա հասնիլ Տիարպեքիր: Սակայն այդ կանգ առնելու միջոցը կ՛երկարի Սիլվանի մէջ մեզ հիւրընկալող սրճարանի տիրոջ քաղաքի պատմական աւերակները ցոյց տալու առաջարկով: Խումբը հետաքրքիր է, եւ կ՛որոշենք իրեն հետեւիլ Մեծն Տիգրանի անունով հիմնուած այս քաղաքին մէջ գոնէ հայկական հետք մը տեսնելու, յայտնաբերելու յոյսով:
Նախքան այս ճամբորդութեան սկիզբը, գիտէինք տարածաշրջանին մէջ տիրող պատերազմական մթնոլորտին մասին: Արդարեւ, ճամբու տեւողութեամբ քանիցս կանգ առած էինք ոստիկանութեան ստուգման կէտերու վրայ, եւ սակայն մեր երիտասարդ վարորդի վստահութիւն ներշնչող պատասխաններով դիւրաւ դուրս եկած էինք այդ ստուգման կէտերէն: Սակայն ոստիկանական հարցաքննութեան սարսափազդու օրինակը վայելեցինք Սիլվանի մէջ: Հազիւ քանի մը հարիւր մեթր հեռացած էինք սրճարանէն, երբ ոստիկանական երկու զրահապատ ինքնաշարժներ հակառակ ուղղութիւններով եկան ու շրջապատեցին մեզ: Այս անգամ բարեացակամ չէին երեւեր եւ սաստող ոճով մը կը խօսէին մեզ առաջնորդող սրճարանի տիրոջ հետ: Ան ալ իր կարգին սմքած էր ոստիկաններուն դիմաց եւ կը փորձէր բացատրել, որ օտար ուղեւորներ ենք եւ կ՛ուզենք տեսնել այստեղի պատմական վայրերը: «Շո՛ւտ վերադարձէք եւ իսկոյն հեռացէք մեր պաշտօնի սահմաններէն», հրահանգեց ոստիկանը, եւ, այսպիսով, կիսատ մնաց Սիլվանի շրջագայութիւնը:
Սրճարանի տէրը ապա պատմեց իր սմքելու պատճառը. «Բարեբախտաբար զիս չճանչցաւ, վեց տարի բանտարկութեան դատապարտուած եմ եւ բանտ մտնալու ալ բնաւ նպատակ չունիմ: Վաղը առաւօտեան կանուխ ժամերուն լեռ պիտի երթամ մերոնց միանալու համար»: Մեզ՝ հայերուս ուղղեալ յատուկ ուշադրութիւնը արդէն մտածել տուած էին իր քաղաքական հակումներուն մասին: Մեր դիմաց քրտական ազգային շարժումին ներքաշուած գործիչ մը կար, որ օր ցերեկով սրճարան կը բանեցնէր, իսկ միւս կողմէ՝ հոգիով ու մարմինով ենթարկուած էր ազատատենչ պայքարին:
Օրը արդէն մթնելու սկսած էր, երբ կը սուրայինք Տիգրանակերտէն դէպի Տիարպեքիր: Մեր գալուստին մասին տեղեակ պահած էինք Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի անդամները: Տիարպեքիր հասնելով՝ Տաղքափը թաղամասին մէջ դիմաւորեցին մեզ եւ առաջնորդեցին դէպի մօտակայ սրճարան: Այստեղ արդէն հաւաքուած էին տասնեակ մը հայեր՝ մեզի հետ հանդիպելու համար: Անոնց մէջ էր Ծխական խորհուրդի անդամներէն Կաֆֆուր Թիւրքայը եւ վերջին տարիներուն 20 տարի Լոս Անճելըս բնակելէ ետք իր հայրենի երկիրը վերադարձած հանրածանօթ երգիչ, ուտահար Երուանդը: Կարօտով լեցուն հանդիպում մըն էր այս, քանի որ վերջին տարիներուն պատերազմի դրութեան պատճառով չէինք կրցած այցելել իրենց: Ժամանակը շատ սուղ էր, եւ մեր զրոյցի նիւթերը շատ բազմաբնոյթ: Իրենք կը հարցնէին պատրիարքի ընտրութեան մասին, մենք կը հետաքրքրուէինք Սուրբ Կիրակոսի վիճակով կամ իրենց առօրեայով: Կիսատ մնաց այս զրոյցը: Չյաջողեցանք նաեւ տենկպեժներու տունը այցելել եւ գոնէ քանի մը քլամ լսել:
Ամիտա քաղաքի յատուկ երեւոյթներէն մէկն է տենկպեժներու տունը, ուր ամէն օր տասնեակ մը տաղասացներ կը մէկտեղուին եւ երգելով կը պատմեն թէ՛ աւանդական եւ թէ ներկայ ժամանակներու յատուկ առասպելներ կամ պատումներ: Այդ համեստ բակը մեր մօտ կ՛արթնցնէ այն տպաւորութիւնը, որ այդտեղ նստած տաղ ըսողները, հոգ չէ, թէ տարբեր լեզուով, հարազատ շառաւիղներն են նախաքրիստոնէական շրջանի հայ գուսաններու՝ Գողթան գաւառի երգիչներու։
Տենկպեժները կ՛երգեն իրենց պատմութենէն դրուագներ, իսկ մենք կը լսենք «Արտաշէսի հարսանիքը» կամ «Վահագնի ծնունդը»: Կը տարուինք խորհելու, թէ քիւրտերու Մովսէս Խորենացին տակաւին չէ յայտնուած, որ այս գրականութիւնն ալ փոխանցուէր իր երկաթագիրին: Թերեւս այս է պատճառը, որ տենկպեժներ, մինչեւ օրս կը պահեն իրենց արուեստի այժմէականութիւնը: Օրուան մէջ բազմաթիւ այցելուներ կու գան այս բակը, կը լսեն զիրենք: Անոնցմէ ոմանք կը տիրապետեն տաղասացներու լեզուին, իսկ ոմանք ալ, մեզի նման, զիրենք լսելով՝ կ՛իմանայ արդէն իրեն ծանօթ եղածը:
Վերեւը նշած էինք, որ ժամանակը սուղ է: Այս անգամ չենք կրնար այցելել տեղւոյն յատուկ ութանկիւն գլխարկ սարքող վարպետին եւ նոր գլխարկ մը գնել: Բան մը, որ անբաժան արարողակարգերուն մաս կը կազմէ մեր Ամիտա իւրաքանչիւր այցելութեան: Կը բաւարարուինք այցելելով Չորս ոտանի մինարեթը, որուն ոտքերուն տակ գնդակահարուած էր մարդու իրաւունքներու պաշտպան իրաւաբան Թահիր Էլչին: Ողորմի մը կը մրմնջանք իր հոգւոյն, ոստիկանական արգելապատէն տեսնել կը փորձենք Սուրբ Կիրակոսի ալ գտնուած տարածքը եւ հիասթափուած՝ կը վերադառնանք մեր ընկերներուն մօտ: Վերջին գործ մը ունինք Ամիտայի մէջ: Մրգավաճառէն կը գնենք սեխի կուտեր՝ նուիրելու համար նախկին տիարպեքրցի, այժմ պոլսաբնակ բարեկամուհիի մը: Գիտենք, որ ան իւրաքանչիւր կուտի հետ համն ու հոտը կ՛ապրի իր սիրելի ծննդավայրին:
Ինքնաշարժը ուղղուած է բացօթեայ թանգարանի մը տպաւորութիւնը ունեցող մէկ այլ քաղաք՝ Մարտին: Սակայն, ափսո՜ս, մեր հիւրանոցը ոչ թէ այդ պատմական հին քաղաքին մէջ է, այլ՝ դաշտի վրայ կառուցուած նոր քաղաքի: Շուտով կը բարձրանանք սենեակներ, ծանրութիւնները կը թողունք եւ իսկոյն կ՛ուղղուինք դէպի պատմական Մարտին: Բլուրի բարձունքէն կը վայելենք քաղաքի գիշերային տեսարանը, որ լոյսի ծովու մը տպաւորութիւնը կը թողու:
Յաջորդ առաւօտ նոյն պատմական քաղաքի փողոցներուն մէջ շրջագայութեամբ կ՛աւարտենք Մարտինի պտոյտը: Այսօր վերադարձ է, բայց մենք նախքան ինքնաթիռ հասնիլը՝ ծրագրած ենք կարելի եղածին չափ թափանցել նաեւ պատմական Եդեսիա, այժմու Ուրֆա քաղաքը:
Ժամանակը անգամ մը եւս շատ սուղ է: Ուրֆան կը ճանչնանք միայն իր արդիաշունչ թանգարանով եւ յատուկ խոհանոցով:
Եօթնօրեայ շրջագայութեան ընթացքին այցելեցինք քաղաքներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը արժանի էր եօթնօրեայ կեցութեան: Ուրեմն ետդարձի պահուն բոլորիս միտքին մէջ նոյն համոզումով գոյացած էր խորհուրդ մը. «Կրկին ու կրկին գալ ու այցելել այս վայրերը, որպէսզի չըսենք, որ ի զուր ապրած ենք»: