ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ
Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 95-ամեակի նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ, այսօր, Երկուշաբթի, 27 Մայիս 2013-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, տեղի ունեցաւ երաժշտական համերգ, կատարողութեամբ նախկին մեսրոպեանական, վաստակաշատ միջազգային տուտուկահար պրն. Համբարձում Ճապուրեանը, որ Լիբանանկը գտնուի Այնճարի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերանորոգման առիթով: Երաժշտական ունկնդրութեան ներկայ էին վարժարանի 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմն ու տնօրէնութիւնը:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանին աշխատանքներու պատասխանատու պրն.Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նշեց, թէ մշակոյթը հայապահպանման կռուան մըն է, եւ նահատակներու արեամբ կերտուած հայրենիքի պահպանման էական ազդակներէն մէկն է մշակոյթը: Պրն. Տէմիրճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց քլարինէթի եւ տուտուկի մէջ մասնագիտացած պրն.Համբարձում Ճապուրեանին կենսագրութիւնը:
Ան ըսաւ, որ արուեստագէտը, Լիբանանի պետական երաժշտանոցին մէջ քլարինէթի մէջ մասնագիտալանէ ետք, քաղաքացիական պատերազմի շրջանին մեկնած է Գանատա, ուր շարունակած է իր երաժշտական կրթութիւնը: Պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան հաստատեց, որ պրն. Ճապուրեան բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ եւ արժանացած է հայ թէ օտար արուեստագէտներու գնահատանքին:
Ապա ելոյթ ունեցաւ վաստակաշատ միջազգային տուտուկահար պրն.Համբարձում Ճապուրեան, որ ներկայացուց հայկական ժողովրդական գործիք տուտուկին մասին տեղեկութիւններ: Ան նուագեց հայկական ժողովրդային ստեղծագործութիւններ եւ երաժշտական համերգը փակեց «Տլէ եաման»ի կատարումով: Պրն. Ճապուրեան համերգին ընթացքին արժանացաւ աշակերտութեան մեծ գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն:
Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանին համար պատիւ է հիւրընկալել նախկին մեսրոպեանական պրն. Ճապուրեանը, որ հայ թէ օտար բեմերուն վրայ բարձր պահած է հայութեան եւ Մեսրոպեան վարժարանին անունը: Առ ի երախտագիտութիւն պրն. Համբարձում Ճապուրեանի ազգանուէր գործունէութեան, պրն. Կրէկուար Գալուստ միջազգային արուեստագէտին նուիրեց Մեսրոպեան վարժարանի նշանակով կազմուած յուշանուէրը:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ