Մեր ժողովուրդի կերտած հերոսամապատումներու շարքին ուրոյն տեղ վերապահուած է Սարդարապատին: Ան իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ, ոչ միայն իր ռազմավարական նշանակութեան իմաստով, այլ՝ փոխանցած խորհուրդին եւ գաղափարաբանութեան, որոնք մնայուն կորով ու եռանդ կը սնուցանեն բոլորիս՝ աշխարհի տարբեր ափերու վրայ լինելութեան մեր պայքարը մղելու միջոցին:
Նորօրեայ սերունդները լոյսի անհուն ճառագայթ մը ժառանգած են Սարդարապատէն: Սարդարապատը հայ ժողովուրդի կրակէ մկրտութիւնն է: Սարդարապատը մեր ժողովուրդի պատմութեան այն տարեթիւերէն է , որոնք չեն սահմանափակուիր օրուան մը խորհուրդով: Այն թուականներէն է, որոնց խորհուրդը հանապազօրեայ ուժականութեամբ ամենուրէք ներկայ է մեզի հետ: Սարդարապատը այն տարեթիւերէն է, որ նահատակներու յիշատակը յաւերժացնելու սահմանէն աւելի վեհ՝ նորօրեայ հերոսներ ծնելու պատգամ մը կը փոխանցէ աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդին:
Սարդարապատի պատերազմը յաւիտենական արժէքներու ապացոյց է միաժամանակ: Մեր ժողովուրդը այլընտրանք չունէր յառաջացող թրքական բանակներուն դէմ. մահ կամ՝ ազատութիւն: Արեւելահայաստանին կը սպառնար Արեւմտահայաստանի օրհասը: Թշնամին մտադրած էր պատմութեան էջերէն վերջնականապէս ջնջել մեզ,ամբողջացնել 1915-ի Եղեռնագործութիւնը: Մեր ժողովուրդի լինելութեան հարցն էր, որ պիտի վճռուէր Արարարտեան դաշտի Սարդարապատ շրջանին մէջ: Ճակատագրական այս պահուն, հայ ժողովուրդը, յաջողեցաւ վճռական հարուած հասցնել յառաջացող թրքական բանակներուն: Սարդարապատի կտրիճները աներեւակայելի դիմադրութիւն ցոյց տուին թրքական բանակներուն առջեւ: Ներխուժող բանակներու հրամանատարութիւնը համոզուեցաւ, թէ անհնար է արմատախիլ դարձնել հողին վրայ կռուող ժողովուրդը: Յառաջխաղացը կասեցաւ: Սարդարապատի յաղթանակը ապայոյց է, որ հայը կատարած էր ճիշդ ընտրանք: Սարդարապատը մեզ ոչ միայն փրկեց բնաջնջումէն, այլ՝ հիմը դրաւ հայոց պետականութեան:
Հայ ժողովուրդը սոսկ յիշատակութեան համար չի նշեր Սարդարապատի հերոսամարտը: Սարդարապատը կ’օգեկոչենք խորհուրդներ քաղելու անոր հերոսներէն եւ վերահաստատելու անոնց կտակին յանձնառու մնալու ուխտը: Սարդարապատէն քաղուելիք առաջին դասը անկասկած միասնականութեան ոգին է: Սարդարապատը մեր ժողովուրդին միասնականութեան վառ ապացոյցն էր միաժամանակ: Անոր առաջին եւ ամենակարեւոր պատգամը անկասկած՝ այսօր, վաղը եւ առյաւէտ, պիտի ըլլայ ամրապնդել եւ ուռճացնել մեր միասնականութիւնը: Դասեր քաղել եւ չկրկնել անցեալի սխալները: Ամենաոխերիմ թշնամին անգամ չկրցաւ փորձութեան ենթարկել մեր միասնականութիւնը: Շնորհիւ այս միասնականութեան է, որ մեր ժողովուրդը պիտի կերտէ հզօր հայրենիք ու պետականութիւն, հուժկու բանակ, հետապնդէ պահանջատիրական մեր պայքարը:
Երկրորդ կարեւոր հրամայականը հողին կառչած մնալու յանձնառութիւնն է: Բիւրաւոր նահատակներու արեամբ կերտուած հայրենի ափ մը հողը կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդին վերջնական հանգրուանը, մեր հայրենիքը: Օտար ափեր եւ օտարութիւնը չեն կրնար դառնալ հայրենիք: Հզօր հայրենիքի ու պետականութեան առկայութեամբ պայմանաւորուած են սփիւռքահայ գաղութներու գործունէութիւնը:Այսօրուան դրութեամբ հայրենիքէն արտագաղթը եւ ուղեղներու արտահոսքը կը մնան մեր պետականութեան առջեւ ցցուող ամենալուրջ մտահոգութիւնները: Առանց հայրենիքի, ժամանակաւոր եւ անցողիկ են Սփիւռքի բոլոր օճախները: Ժամանակի ընթացքին անոնք դատապարտուած են ձուլման: Սարդարապատի հերոսները ինկան որպէսզի հայը վերածնի ու նոր արմատներ արձակէ իր հայրենիքին մէջ, կառչած մնայ իր հայրենիքին եւ ծաղկեցնէ ափ մը հայրենիքը: Հայրենաթափումն ու արտագաղթը ինքնաբերաբար ծանր հարուած կրնան հասցնել մեր ազգային ինքնութեան: Սարդարապատի հերոսները ինկան, որպէսզի հայը մոռնայ իր երէկի բարոյական պարտութիւնները, հպարտանայ հայրենիքով եւ իր ազգային ինքնութեամբ:
Սարդարապատի հերոսամարտը մեր ժողովուրդին կը թելադրէ յանձնառու մնալ իր ազգային արժէքներուն, աւանդութիւններուն իր լեզուին, եկեղեցիին, մշակոյթին ու պատմութեան: Պետականութեան բացակայութեան հայ եկեղեցին դարձած է մեր ազգային դիմագիծը անաղարտ պահող հինական գործօնը: Այսօր՝ պետականութեան եւ եկեղեցւոյ համեմատաբար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ տէր կենալու մերազգային ու հոգեւոր արժէքներուն: Մեր ժողովուրդը իւրաքանչիւր օր նոր Սարդարապատներ կը մղէ, որովհետեւ շրջապատուած է երեւելի ու աներեւոյթ թշնամիներով, ծպտուած ու շպարուած Կայէններով,: Աշխարհի վրայ չկայ այնպիսի ուժ, որ հայ ժողովուրդը զրկէ հզօր եւ ինքնավար հայրենիք ունենալու իրաւունքէն: Աշխարհի վրայ չկայ այնպիսի ուժ, որ կարենայ յաւերժ ծածկել պատմական ճշմարտութիւնը: Երկրագունդի վրայ գոյութիւնն չունի այնպիսի ուժ, որ յաւերժ ժխտէ պատմութիւնը: Ուշ կամ կանուխ պիտի գայ հաշուեյարդարի պահը: Կեղծիքն ու ժխտումը չեն կրնար յարատեւել առյաւէտ: Պիտի գայ օրը, երբ հայ ժողովուրդը յանցագործ ցեղասպանէն պիտի ստանայ իր բոլոր իրաւունքները: Մենք պիտի շարունակենք պահանջատիրական մեր պայքարը եւ մինչեւ յաղթանակի օրը, Սարդարապատի հերոսներուն անվհատ եւ անդրդուելի կամքով տէր պիտի կենանք մեր ազգային, մշակութային արժէքներուն:
Յարգանք Սարադրապատի հերոսներուն յիշատակին:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ