Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այսօր` 12 մարտ 2018-ին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը հասնի Լիբանան:
Այցելութեան շրջագիծին մէջ վարչապետ Կարէն Կարապետեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Լիբանանի բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահ զօր. Միշել Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Նախատեսուած են նաեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հանդիպումները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Լիբանանի գործարար շրջանակներու ու հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: