Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Երկար քաշքշուքէ ետք Պոլսոյ Կրօնական ժողովը Արամ արք. Աթէշեանը նշանակեց կամ աւելի ճիշդը վերանշանակեց Պոլսոյ պատրիարքարանի փոխանորդ:
Թուրքիոյ իշխանութեան «խնդրանք»-պարտադրանքը իրագործուեցաւ շնորհիւ Պոլսոյ պատրիարքարանի Կրօնական ժողովին եւ աշխարհական կարգ մը ջոջերու միջամտութեան, ինչպէս` Պետրոս Շիրինօղլու եւ նմանները:
Տասը միլիոն հայութեան կամքը ոտնակոխող այս որոշումը միա՛յն թրքական իշխանութիւնները գոհացնող քայլ մըն է: Յիշեցնելու գնով ըսենք.
Ա.- Երբ Գերմանիոյ խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունեց, Արամ արք. Աթէշեանը դատապարտեց որոշումը:
Բ.- Երբ թրքական զօրքերը Սուրիա ներխուժեցին, դարձեալ Արամ արք. Աթէշեան ողջունեց Թուրքիոյ իշխանութեան «քաջագործութիւնը»:
Փոխանակ խուսափելու, լռելու, անտեսելու կամ լուսարձակներէ հեռու մնալու, Արամ արք. կ՛ընէ հակառակը, ան շողոքորթի նման ամէն առիթի ելոյթ մը ունենալու աճապարանքի մէջ է: Անշուշտ բոլոր ելոյթներն ալ տուրք կու տան թրքական իշխանութիւններուն:
Պոլսահայ գաղութը վստահաբար եւ բնականաբար հաշտ աչքով չի դիտեր պատահածը: Փաստը` եկեղեցւոյ թէ այլուր ժողովուրդին համարձակ եւ խիզախ ելոյթները:
Պոլսոյ պատրիարքարանը միշտ ալ ունեցած է իր ինքնուրոյն կեցուածքը` անցեալէն մինչեւ այսօր:
Սակայն ոչ մէկ ժամանակաշրջան այսքան ենթակայ եւ կամակատար եղած է, որքան Արամ արք. Աթէշեանի փոխանորդութեան ժամանակաշրջանին:
Համայն հայութեան կողմէ վարկաբեկուած եւ ամօթի զգացում տուող իրավիճակ մը կը պարզուի այսօր:
Թրքական իշխանութիւնները միշտ ալ փորձած են միջամուխ ըլլալ Պոլսոյ պատրիարքարանի աշխատանքներուն: Սակայն ազգային վարկագիծն ու ինքնուրոյնութիւնը պահպանելու մնայուն ճիգը անպակաս եղած է յաջորդական պատրիարքներու եւ ազգային աշխարհականներուն կողմէ:
Այսօր քիչ մը շատ մտահոգիչ պատկեր մը կը պարզուի: Պոլիսէն մեզի հասած տեղեկութիւնները այդքան ալ փայլուն չեն:
Ժողովուրդ-եկեղեցի կապի թուլացման եւ կամուրջներու խզման ալիքի մը բարձրացման սեմին կը գտնուինք:
Վերջապէս բարեխիղճ եւ համախմբող կրօնականներ եւ աշխարհականներ անպայման կը գտնուին: Պէտք է անմիջական լուծումներ տրուին այս վիճակին: