ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
«Մեր պատմութիւնը մի՛շտ ալ կառուցած
ենք ժխտումի եւ ուրացման վրայ…»
«Հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու
քայլին պէտք է յաջորդեն փոխհատուցման
մասին տեղի ունենալիք քննարկումները…»
«Հայոց ցեղասպանութիւնը մաս կը կազմէ
նաե՛ւ Եւրոպայի պատմութեան, որովհետեւ
Անգլիան, Ֆրանսան եւ Գերմանիան
մասնակից եղած են այդ մեղքին…»:
ՓՐՈՖ. ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄ
Հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութենէն արդէն անցած են 106 տարիներ…
Ժամանակը ցոյց կու տայ, որ ներքին հարթակի վրայ որքան ալ բուռն եղած ըլլան տարակարծութիւններն ու հակադրութիւնները, Ցեղասպանութեան փաստի ուրացումը, ժխտումն ու եղծանումը հանդիսացած են Թուրքիոյ իրերայաջորդ վարչակարգերու պետական պաշտօնական գաղափարախօսութեան հենքը, եւ որպէս այդպիսին` դարձած անոնց առաջնագոյն օրակարգը:
Ժամանակը ցոյց կու տայ նաեւ, որ պատմութիւնը կեղծելու կոչուած, պետական պատուէր կատարող վարձկան, ցեղամոլ եւ այլամերժ պատմաշինարարներու ստապատիր յօրինումները այսօր կը բախին Հայոց ցեղասպանութեան թեման արծարծող հոյլ մը ժամանակակից թուրք ողջախոհ պատմաբաններու, հետազօտողներու եւ վերլուծաբաններու` արխիւային անհերքելի փաստարկներով ամրագրուած, ակադեմական աշխատասիրութիւններուն, որոնք մեծապէս կը տարբերին Թուրքիոյ պետական պաշտօնական թեզէն:
Ցեղասպանագիտութեան միջազգային կաճառներու մօտ վարկ ու հեղինակութիւն վայելող փրոֆ. Թանէր Աքչամ արդէն ծանօթ է նաեւ մեզի Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր ակադեմական հրատարակութիւններով, ինչպէս նաեւ թէ՛ միջազգային, թէ՛ Թուրքիոյ պետական հակակշիռէն դուրս եկած տեղւոյն մամուլին տուած իր հարցազրոյցներով: Ան արխիւային փաստարկներու լոյսին տակ կը բացայայտէ Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրարի գաղտնախորհուրդ գործօնները` ընդգծելով կատարուած մեծ ոճիրին գերազանցապէս քաղաքական հարց ըլլալու էութիւնը, այդպիսով իսկ բացառելով եւ անընդունելի գտնելով Հայոց ցեղասպանութեան գերխնդիրը պատմագիտական շրջանակներու մէջ քննարկելու Թուրքիոյ պետական պաշտօնական թէզը, որ խորքին մէջ իր կեդրոնախոյս էութեամբ իրականութիւնը ստուերելու լոկ ձախաւեր մարտավարութիւն մըն է, որուն քաջածանօթ է արդէն մտային պարտադիր մթագնումի կապանքներէն ազատագրուած` երկրին քաղաքացիական հասարակութեան ողջախոհ շերտը: Այս պարունակի մէջ գաղտնիք չէ պետական բարձր հովանաւորութեամբ գործող «Անհիմն հայկական ցեղասպանութեան դէմ պայքարի կառոյց»-ին ստեղծման հանգամանքներն ու անոր նպատակները, որոնք գլխաւոր շտապի համակարգումով, համագործակցութեամբ` արտաքին գործոց նախարարութեան բաղկացուցիչ բոլոր միաւորներուն, գլխաւորաբար համապատասխան դիւանագիտական աշխարհատարած ցանցի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ ազգային անվտանգութեան խորհուրդին ենթակայ բոլոր նախարարութիւններուն, հետեւողականօրէն կ՛իրականացնեն պատմութեան նենգափոխութեան սատարող այլազան եւ այլաբնոյթ ծրագիրներ…:
Վերընթերցելով թուրք լրագրող Արիֆէ Քէոշէի` փրոֆ. Թանէր Աքչամի հետ ունեցած հարցազրոյզը (2011 ապրիլ), կ՛արձանագրենք հոն տեղ գտած կարգ մը հաստատումներ, որոնք կտրականապէս կը հակադրուին Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ Թուրքիոյ յօրինած կեղծ պատմագրութեան անհիմն տեսակէտներուն:
Թ. Աքչամ կը ներկայացնէ արխիւային փաստարկներով հիմնաւորուած պատմագիտական հետեւեալ հաստատումները.
1918-ին, երբ Թուրքիա պարտուած դուրս եկաւ Համաշխարհային առաջին պատերազմէն, դէմ առ դէմ գտնուեցաւ Փարիզի մէջ մեկնարկած խաղաղութեան բանակցութիւններու ծիրին մէջ Օսմանեան պետութեան առնչուող երկու կեդրոնական հարցերու հանդէպ երկու տեսակէտներու արծարծումին, որոնց առաջինը կը միտէր օսմանցիներուն ձգել երկրին չգրաւուած տարածքները եւ 1918-ի Մուտրոսի զինադադարով որոշուած սահմանները ճանչնալ որպէս Օսմանեան պետութեան սահմաններ: (Այն ժամանակ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մասին դեռ որեւէ պատկերացում չկար): Այս տեսակէտը կը պաշտպանէր ո՛չ միայն նորաստեղծ թրքական ազգայնական շարժումը, որ հետագային «Ազգային դաշինքի կառավարութիւն» պիտի կոչուէր, այլ նաե՛ւ Պոլսոյ կառավարութիւնը: Երկրորդ տեսակէտով կ՛առաջադրուէր պատերազմը յաղթած պետութիւններու եւ երկրին այլ ցեղային խմբաւորումներու միջեւ բաժնել Անատոլուն, ուր հայերը, յոյները եւ քիւրտերը կը ցանկային հիմնել իրենց պետութիւնները…:
Հետեւաբար, բանակցութիւններու առաջին հարցը հետեւեալն էր` տարածքները բաժնե՞լ, եթէ` այո՛, ապա ո՞վ եւ ո՞ր տարածքը պիտի ստանար: Երկրորդը` ի՞նչ մօտեցումով քննարկել, պատերազմի ընթացքին գործուած ոճիրներու մեղսակիցներուն հարցը. այստեղ Ամերիկան պատերազմին մէջ ներքաշելու նպատակով Անգլիա եւ Ֆրանսա կ՛օգտագործէին օսմանցիներուն գործած ոճիրները, որոնց մասին արդէն աշխարհը տեղեակ պահած էին օրին կատարուած կարեւոր հրատարակութիւններով, որոնց կարեւորագոյններն էին Մորկընթաուի յուշերը եւ անգլիացի պատմաբան Արնոլտ Թոյնպիի* «Կանաչ գիրքը»: Փարիզի համաժողովի քննարկումներով` պիտի ճշդուէին այս ոճիրները գործած օսմանցիները պատժելու տարբերակները:
Այս թեմային մասին կայ քանի մը կարծիք:
Ըստ Մուսթաֆա Քեմալի գլխաւորած Անգարայի ազգայնական կառավարութեան տեսակէտին, պէտք է պատժուէին գործուած ոճրագործութիւններու պատասխանատուները, որոնք իբր թէ 3-5 իթթիհատականներ էին, անընդունելի գտնելով ամբողջ թուրք ժողովուրդը պատիժի ենթարկելու որեւէ որոշում, մինչ յաղթած պետութիւնները, Անգլիոյ գլխաւորութեամբ, անտրամաբանական գտնելով սոսկ անհատներու պատժումը, կը պահանջէին թուրք ժողովուրդին պատժումը, որ կ՛իրականանար Անատոլուի մնացած տարածքները բաժնելով երկրին ժողովրդագրութեան մաս կազմող այլ ազգերու միջեւ, որոնց կարգին էին հայերն ու յոյները, սակայն այս մէկը ինքնին հարցին ամէնէն զգայուն կէտն էր:
1919-ի ապրիլին Պոլսոյ «Բարձրագոյն կոմիսար» կոչուող անձնաւորութիւնը` լիազօրի հանգամանքով, Փարիզի հաշտութեան բանակցութիւններու համաժողովին ուղղած իր պաշտօնական գիրով յստակօրէն կը ներկայացնէր հարցին առաջադրուած լուծումներու երկու տեսակէտներուն համաձայն գտնուելու պատրաստակամութիւն` ըսելով. «Թուրքիան պատժելու երկու ձեւերն ալ տեղին են… Անձնապէս համոզուած եմ, որ այս մեղքը գործողները պատժելով նաե՛ւ դաս կը տրուի թուրքերուն, ապա պէտք է Թուրքիան վերածել այնպիսի փոքր պետութեան մը, որ այլեւս չկարողանայ ո՛չ մէկ նման ոճրագործութիւն գործել…»: Այսինքն Անատոլուի տարածքներու բաժանումը դարձաւ օրակարգ եւ կեանքի կոչուեցաւ ո՛չ որպէս կայսերապաշտական քաղաքականութեան անհրաժեշտութիւն, այլ որպէս պատիժ` մարդկութեան դէմ մեղք գործած Թուրքիոյ:
Այդ ժամանակ թէ՛ Մուսթաֆա Քեմալի գլխաւորութեամբ Անգարան, թէ՛ Պոլսոյ կառավարութիւնը համաձայն էին մեղաւորները պատժելու, սակայն այդ պատիժը պէտք չէ իրականանար Անատոլուի բաժանումով: Այստեղ կարեւոր է ուշադրութեան յանձնել այն հանգամանքը, որ այդ ժամանակ բոլորն ալ ընդունած էին, որ հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած է ոճրագործութիւն: Մինչ Անգարան մէկ կողմէն կողմնակից ըլլալով յանցագործութիւններու հեղինակներու պատժումին, միւս կողմէն պայքար կը մղէր «ազգային դաշինք» յառաջացնելու համար:
Այս ընթացքին կարեւոր բան մը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ. Օսմանեան կառավարութեան հիմնած դատարանները, որոնց նպատակը հայերը կոտորելու մեղքը գործած իթթիհատականները դատելն էր, սկսան դատել նաե՛ւ «ազգային դաշինք»-ը պաշտպանող ազգայնական շարժումի յառաջապահ անդամները, Մուսթաֆա Քեմալն ու անոր գաղափարակից ընկերները եւս` հեռակայ կարգով մահապատիժի ենթարկուեցան: Նոյն դատարանները սկսան դատել նաեւ անոնք, որոնք յետ պատերազմին, Թուրքիոյ ենթակայ տա
Եւ ահա, հայերը կոտորած մարդասպանները դատող դատարանը դատեց նաե՛ւ անկախութեան պայքար ծնած ազգային շարժումի ղեկավարները: Այս հանգամանքը ինքնին պատճառ դարձաւ հանգոյցի քանդումին: Մինչ այդ պահը, Անգարան 1915-ի պատասխանատուներուն ուղղուած մեղադրանքները կը դիտէր որպէս ազգային դաշինքի համար վճարելի անհրաժեշտ գին, սակայն իր դիրքորոշումը փոխեց` գիտակցելով նաե՛ւ, որ նոյնիսկ անհատական պատիժի իրականացումով պիտի չկարենար պաշտպանել ազգային դաշինքի գոյութիւնը… Այսինքն 1915-ին կատարուածները յիշելն ու մեղաւորներուն համար պատիժ սահմանելու պահանջքը սկսաւ ընկալուիլ որպէս «հայրենիքի եւ ազգի մասնատում»… Եւ ահա այս պատճառով Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով դատարանը ի սկզբանէ վճռեց, որ «ցեղասպանութեան եզրի օգտագործումը կը նշանակէ օրակարգ բերել Թուրքիոյ հանրապետութեան մասնատումը»: Ասկէ մեկնած` պէտք է ըսել, որ 1920-ականներուն Թուրքիա յստակօրէն կ՛ընդունէր, որ երկրին տարածքներուն վրայ կատարուածը կանխամտածուած կոտորած էր, սակայն այս թեմայի ուղղութեամբ թէ՛ Պոլսոյ, թէ՛ Անգարայի կառավարութիւնները իրենց միտքը փոխեցին, երբ Անգլիան ոճրագործներուն սահմանելիք պատիժը նոյնացուց Անատոլուի բաժանումին հետ:
Նախքան այդ, 1919-ի հոկտեմբերին, Ամասիոյ մէջ Պոլսոյ եւ Անգարայի կառավարութիւնները ստորագրած էին հինգ արձանագրութիւններ, որոնցմէ առաջինը յստակօրէն կ՛ընդգծէր 1915-ի հայերու տեղահանութիւնը իրականացուցած մեղաւորներուն դատումը իբրեւ քաղաքական անհրաժեշտութիւն, աւելի ուշ, 1920-ի ընտրութիւններէն ետք կազմուած Անգարայի Մեճլիսի բացումին արտասանած իր խօսքով, Մուսթաֆա Քեմալ 1915-ի կոտորածները որակած էր «ամօթալի արարք», այսինքն` 1918-1921 ամբողջութեամբ միակարծութիւն կար, որ հայերը Իթթիհատականներու կողմէ զանգուածային ոչնչացման ենթարկուած են, հետեւաբար, անհրաժեշտ էր այդ ոճրագործութիւններու պատասխանատուները պատիժի ենթարկել:
Փրոֆ. Թանէր Աքչամի այս մասին բարձրաձայնող գլխաւոր թէզը հետեւեալն է.
«Եթէ Անգլիան ընդունէր Մուսթաֆա Քեմալի եւ Պոլսոյ կառավարութեան առաջարկը, այսինքն` այսօրուան Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանները ճանաչում գտած ըլլային որպէս այդ ժամանակաշրջանի Օսմանեան կառավարութեան սահմաններ, եւ ի պատասխան անոր պահանջէին Հայոց ցեղասպանութեան մեղաւորներուն դատումը, ապա այսօր մենք` թուրքերս իթթիհատականներու մասին պիտի խօսէինք այնպէս, ինչպէս կը խօսուի Գերմանիոյ նացիստներու մասին …»:
Բացառելով այն թէզը, որ հայերը կոտորուած են տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած պատերազմական պայմաններու բերումով եւ անոնց տեղահանութիւնը տեղի ունեցած է զանոնք աւելի ապահով շրջաններ փոխադրելու մտօք` Թ. Աքչամ լոկ քանի մը պարզ փաստարկներով միանգամընդմիշտ կ՛ընդգծէ հայերու կոտորածին «կանխամտածուած ցեղասպանութիւն» ըլլալու իրականութիւնը, երբ կ՛ըսէ, «Հայերը տեղահանած են նաե՛ւ պատերազմի ընթացքին Անատոլուի ամէնէն անվտանգ համարուող շրջաններէն, ինչպէս` Բալուէն, Քասթամոնուէն, Անգարայէն, Մուղլիէն, Իզմիրէն, Քութահիայէն եւ այլն…»` աւելցնելով նաե՛ւ, որ, ըստ արխիւային արեւմտեան տեղեկագիրներու, «Օսմանեան կառավարութիւնը մերժած է արեւմտեան երկիրներու` տեղահանուածներուն ուտելիք, վրաններ եւ դեղորայք տրամադրելու օգնութեան առաջարկները, վարքագիծ մը, որ պարզապէս կը բացայայտէ իթթիհատականներուն` հայերը ոչնչացնելու յստակ եւ անառարկելի նպատակ-ծրագիրը:
Փրոֆ. Թ. Աքչամ` անդրադառնալով միջազգային իրաւաբանութեան մէջ փաստաթուղթերու լոյսին տակ տուեալ արարքը ցեղասպանութիւն համարելու օրինագիծի մը գոյութեան, կ՛ըսէ, թէ «միջազգային իրաւաբանութեան մէջ առաւելաբար կ՛օգտագործուին երկու սկզբնաղբիւրներ, որոնց առաջինը` կարեւոր կը գտնէ տուեալ խումբին ոչնչացումը վաւերագրող փաստաթուղթերու եւ համապատասխան հրամաններու գոյութիւնը, սակայն պէտք է ըսել, որ այս ուղղութեամբ նոյնիսկ Հիթլէրը իր գործած նմանատիպ ոճրագործութիւններու հրահանգները հաստատող որեւէ փաստաթուղթ չէ ձգած իր ետին: Երկրորդը` Hate Speech կոչուող խնդիրն է, որ կ՛ենթադրէ սպաննուած խումբին հանդէպ ատելութեան եւ թշնամանքի զգացումներու սերմանումն ու հրահրումը: Այս մասին օրինակ կը ծառայէ` 1939-ին, նացիներու կուսակցութեան ժողովին, Հիթլէրի նշանաւոր զեկոյցը, սակայն միայն շատ բացառիկ պարագաներու կարելի կը դառնայ գործուած ոճիրներու կանխամտածուածութիւնը ապացուցող նմանատիպ փաստաթուղթեր գտնել:
1985-ին ՄԱԿ-ի այս հարցերով զբաղող ենթայանձնաժողովը ընդունեց Whitaker կոչուող զեկոյց մը, որուն աննախընթաց դիտարկումով օրակարգ բերուեցաւ ոճիրներու կանխամտածուածութեան վերաբերող նորութիւն մը, որուն էութիւնը 19-րդ դարու Անգլիոյ քրէական օրէնքներէն մէկուն ընդլայնումն էր, այսինքն` տուեալ կողմը եթէ կոտորածի նպատակ ունի եւ համապատասխան վարքագիծով կը դրսեւորէ իր մտադրութիւնը եւ չի կանխեր ոճիրը, ապա անիկա կը կոչուի «գիտակցուած անզգուշութիւն», բնականաբար գործուած արարքը համարելով կոտորած` նոյնիսկ տուեալ պարագայի մասին վկայող գրաւոր փաստաթուղթերու բացակայութեան…:
Այս մասին, ըստ Թ. Աքչամի, «մերոնք հայերու տեղահանումին սկսան 1915-ի ապրիլի վերջերուն: 1915-ի մայիսէն մինչեւ 1916-ի վերջերը կեդրոն հասած տեղահանութեան հանդէպ Օսմանեան կառավարութեան ցուցաբերած անտարբերութիւնը ինքնին, ըստ Whitaker-ի մեկնաբանութեան, ապացոյց է արդէն, որ կատարուածը կանխամտածուած ցեղասպանութիւն էր: Հայերու տեղահանութեան մասին Օսմանեան արխիւներուն մէջ չկայ նահանգներէն կեդրոն ուղարկուած որեւէ փաստաթուղթ, բացի 1915-ին ղրկուած փաստաթուղթէ մը, ըստ, որուն, գերմանացիներու պարտադրանքով Թալէաթ փաշայի` Տիգրանակերտի նահանգապետ Ռաշիտին ուղարկած հեռագիրով ան կ՛ըսէ. « … Մեր տեղեկութիւններուն համաձայն, Տիգրանակերտի մէջ սպանութիւններ կը գործէք եւ առանց խտրականութեան կը սպաննէք բոլոր քրիստոնեաները, մինչդեռ մենք այս «կարգաբանական գործողութիւններուն ձեռնարկած ենք բացառապէս հայերուն հանդէպ… սխալ է, որ այն կ՛իրականացնէք բոլոր քրիստոնեաներու պարագային: Զիս տեղեակ պահեցէք իրավիճակին մասին»: Թ. Աքչամ այս ուղղութեամբ կ՛ըսէ. «Երբ Թալէաթի վերոնշեալ հեռագիրը հայերու սպանութեան իբրեւ կանխամտածուած փաստաթուղթ ներկայացուցի, Թուրքիոյ մէջ Հալաճօղլուն եւ իր խումբը փորձեցին խեղաթիւրել հեռագիրին բովանդակութիւնը եւ ըսել ուզուածը` պատճառաբանելով, որ Թալէաթը կոչ ուղղած է` դադրեցնելու կոտորածը, մինչդեռ հայերու տեղահանութեան եւ սպանութիւններու մէջ գործօն աշխուժութիւն ցուցաբերած Տիգրանակերտի ոստիկանութեան եւ անոր յարակից միաւորներուն շնորհուած են ծառայողական բարձր մետալներ եւ դրամական պարգեւներ:
Թ. Աքչամի հայերը կոտորելու վերաբերեալ ձեռք բերած փաստաթուղթերը տեղ գտած են իր ակադեմական մակարդակով հրատարակուած պատմագիտական շարք մը հատորներու մէջ, որոնք լոյս կը սփռեն օրին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած դատական գործընթացներու վրայ, որոնցմէ տասնեակ մը նմանատիպ փաստաթուղթերէն լոկ քանի մը օրինակի նշումով` կը յստականայ գործուած ցեղասպանութեան կանխամտածուած ըլլալու հանգամանքը: Պեհաետտին Շաքիրի նշանաւոր հեռագիրներէն մէկը կը հաստատէ ծրագիրին էութիւնը, ուր կ՛ըսուի. «Մեզ շտապ տեղեկացուցէք, թէ ձեր մօտ գտնուողներուն կոտորա՞ծ էք, թէ՞ աքսորած…», այլ փաստաթուղթի մը վկայակոչումով` Կեսարիոյ զինուորական հրամանատարին ուղարկուած հեռագիրի մը մէջ կ՛ըսուի. «Տեղահանութիւնը կը նշանակէ կոտորած…»: 1918-ի նոյեմբերին, Թուրքիոյ մեճլիսի նիստերէն մէկուն ընթացքին, կառավարութեան անդամ Ռեշիտ փաշան իր խօսքին մէջ կը նշէ. «… Կառավարութեան մէջ շատ քիչ պաշտօններ վարած եմ, այդ ընթացքին տեսած եմ ներքին գործոց նախարարութեան փաստաթուղթերը, ուր, տեղահանութեան զուգահեռ, նաե՛ւ կոտորածի հրամաններ ուղարկուած էին նահանգները…»:
Ըստ Թ. Աքչամի, հայերու ոչնչացման ծրագիրը տեղի ունեցած է չորս միջոցներով. առաջին` Սեւ ծովու շրջանի, Տրապիզոնի եւ Սամսոնի հայերուն քշելով իրենց բնակավայրերէն խեղդամահ ըրած են ծովուն մէջ: Երկրորդ` որոշ մաս մը նոյնիսկ առանց տեղահանուելու սպաննուած է նոյնինքն իրենց բնակավայրերուն մէջ: Երրորդ` որոշակի վայրերու մէջ հայերը կոտորուած են «Իթթիհատ վէ Թերաքքը»-ի գաղտնի միաւորներու եւ քիւրտ ցեղախումբերու համագործակցութեամբ: Իսկ ամէնէն վերջին միջոցը` զոհերը անապատ քշելով զանոնք սովամահ ընելով ոչնչացուցած են:
Թ. Աքչամի կարծիքով` Թուրքիոյ այս կամ հետագայի որեւէ կառավարութիւն 10, 20 թէ 50 տարի ետք պարտաւոր է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, անկախ անոր տրուելիք անունէն… ուրիշ ելք ու հնար չկայ: Թուրքիա չի կրնար գոյատեւել իր գործած այս մեծ ոճիրը ծածկելով… Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ ամօթն է … Այս ամօթով Թուրքիա կրնայ ո՛չ Եւրոմիութեան անդամ դառնալ, ո՛չ ալ ժամանակակից աշխարհին մէջ տեղ ունենալ, պարզապէս թոյլ չեն տար… դեռ անկախ այն հանգամանքէն, որ համաշխարհայնացման եւ գիտարուեստի այս մակարդակով այլեւս կարելի չէ թուրք մարդը սուտով եւ կեղծիքով համոզել, ինչպէս դեռ մօտիկ անցեալին, երբ դպրոցներէն սկսած, իբր թէ գիտական մակարդակով պատրաստուած դասագիրքերով կը բթացնէին մեր ուղեղը` ըսելով, որ 1915-ին ոչինչ եղած է, թէ երկրի տարածքին «քիւրտեր չկան», պարզապէս լեռներու վրայ ապրող թուրքերը «քիւրտ» կոչուած են, որովհետեւ ձիւնի վրայ քալելով անոնց ոտնամաններէն լսուած է «քեարդ-քեուրդ» ձայնը:
Հետեւաբար, այն պետութիւնը, որ դեռ կը յամառի սուտերով շարունակել իր գոյութիւնը եւ չ՛առերեսուիր իր սեփական պատմութեան խայտառակութեան հետ, այն պետութիւնն է, որ չի կրնար ժողովրդավար ըլլալ եւ նոյնիսկ առիթ կ՛ընծայէ երկրի տարածքին այլ ցեղային խմբաւորումներու կողմէ, անցեալին իրենց դէմ գործուած ցեղասպանական արարքներու բարձրաձայնումին, ինչպէս տէրսիմցիներու կողմէ համանուն ցեղասպանութեան հարցի արծարծումը:
Եւ վերջապէս, հայերու կրած վնասները հատուցելու համար, Թ. Աքչամ կը շեշտէ` նախ Թուրքիոյ պետութեան հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ առանց այս քայլին ոչինչի կարելի է ձեռնարկել, ապա, անկասկած քննարկումներ կը կատարուին հայերուն կրած վնասները փոխհատուցելու միջոցներու մասին: Բնականաբար այս ուղղութեամբ տարբեր կարծիքներ կրնան յայտնուիլ, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ փոխհատուցման քննարկման կարեւորագոյն պայմաններէն կը համարուի` Թուրքիոյ առաջարկով, Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի մասնակցութիւնը այդ գործընթացին, պարզապէս որովհետեւ անոնք մասնակից եղած են այդ մեծ մեղքը գործելու, հետեւաբար, Հայոց ցեղասպանութիւնը մաս կը կազմէ նաե՛ւ Եւրոպայի պատմութեան…:
————————–
* Arnold Toynbee ( 1889-1975 ), անգլիացի պատմաբան, «Պատմութեան հետազօտութիւն» 12 հատորներու հեղինակը. Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին մասնակցած է որպէս միջազգային յարաբերութիւններու փորձագէտ. եղած է կողմնակից Հայաստանի անկախութեան:
Ծանօթ.- Օգտագործուած աղբիւրը` «Թուրքերը թուրքերի մասին» հատորը. Երեւան, ԵՊՀ հրատարակչութիւն, 2011. խմբագիր` դոկտ. Ռուբէն Մելքոնեան:
րածքներուն վրայ կը ձգտէին Օսմանեան ինքնիշխանութեան պահպանման: