«Սոտեթել»-ի նախագահ, հաղորդակցութեան միջոցներու ճարտարագէտ Փաթրիք Ֆարաճեան, որ վարած է նաեւ պետական եւ սեփական մարզերու վերաբերող բազմաթիւ այլ պաշտօններ, երէկ վերընտրուեցաւ Լիբանանցի գործարարներու համախմբումի գանձապահ:
Լիբանանցի գործարարներու համախմբումը երէկ գումարեց իր տարեկան նիստը, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ տարեկան ընդհանուր ժողովին ներկայ էին համախմբումի անդամներուն 85 առ հարիւրը, որոնք քննարկեցին համախմբումին միամեայ աշխատանքները եւ վաւերացուցին 2012-ի հաշուեկշիռն ու 2013-ի տարեկան պիւտճէն:
Նիստին ընթացքին ընտրուեցաւ համախմբումի վարչական կազմը, որուն դարձեալ մաս կազմեց Փաթրիք Ֆարաճեան` իբրեւ գանձապահ: