ՓԱՇԻՆԵԱՆ՝ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՆՉՊԷՍ ՄԻՇՏ ԿԵՑԱԾ Է ԲԱՆԱԿԻՆ ԿՈՂՔԻՆ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Մաքրոն խոր մտահոգութիւն յայտնեց ստեղծուած իրավիճակին եւ անթոյլատրելի համարեց լարուածութեան հետագայ խորացումը: Վարչապետ Փաշինեան Մաքրոնի ուշադրութեան յանձնեց Թուրքիոյ կողմնակալ եւ յարձակողական դիրքորոշումը եւ շեշտեց Թուրքիոյ հնարաւոր միջամտութիւնը կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ հայկական կողմը յստակ տեղեկութիւններ ունի ազերիական զինուած ուժերուն մօտ թրքական արտադրութեան զինատեսակներու կիրառութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիայէն եւ Սուրիայէն փոխադրուած վարձկան զինեալներու մասնակցութեան: Այսուհանդերձ, Յովհանիսեան յայտնեց, թէ կարգ մը հարցեր յստակացումի եւ փաստերու կը կարօտին տակաւին:
Հետախուզական տուեալներու համաձայն, Սուրիայէն մօտաւորապէս 4000 վարձկան կը մասնակցի Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն:
Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց, թէ Արցախի դէմ բացի Ազրպէճանէն, կը կռուի նաեւ Թուրքիան:
« Մեզի դէմ կը կռուի նաեւ Թուրքիան: Ազերիները կ’օգտագործեն թրքական բանակի պատկան ժամանակակից զէնքեր եւ զինամթերքներ՝ անօդաչու սարքեր եւ ինքնաթիռներ: Չեմ խօսիր վարձկաններու եւ այլ երկիրներէ կամաւորներու մասին» յայտարարեց Յարութիւնեան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ հանդիպում մը ունեցաւ զինեալ ուժերու ղեկավարութեան հետ՝ զինեալ ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար Օննիկ Գասպարեանի եւ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Գաբրիէլ Բալայեանի գլխաւորութեամբ:
Փաշինեան նշեց, թէ զինուած ուժերուն նպատակը մէկ է՝ յաղթանակ եւ համայն հայ ժողովուրդը միասնական կերպով ինչպէս միշտ կեցած է բանակի կողքին:
Արցախի պաշտպանութեան բանակի տեղեկատուական բաժնի պետի պաշտօնակատար Սուրէն Սարումեան յայտարարեց, թէ Մռաւ լեռը գրաւելու ազերիական փորձերը մատնուած են ձախողութեան:
Հարաւային Կովկասի գծով ծանօթ վերլուծաբան Թոմաս Տը Վաալ յայտնեց, թէ Հայաստանը չունի պատերազմ սկսելու որեւէ շարժառիթ: