ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Փառուխի դէպքը եղել է հարուած ոչ միայն Արցախին, այլեւ՝ ռուս խաղաղապահներին: Այդ դէպքը եղել է ահաբեկչութիւն, հարուած ե՛ւ մեզ, ե՛ւ խաղաղապահ առաքելութեանը», ըսաւ Հայաստան այցելող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան։ Ան նշեց, թէ որեւէ ահաբեկչութիւն պէտք չէ անպատասխան մնայ:
«Արցախի ճակատագիրը վտանգուած է: Եթէ կորցնենք Արցախը, չի լինելու Հայաստանը: Մենք ունենք բացարձակ հնարաւորութիւն բոլորի հետ ունենալ բնականոն յարաբերութիւններ, որովհետեւ մենք ունենք Սփիւռք: Եւ ի դէմս Ադրբեջանի՝ կա՛յ երկիր, որտեղ հայատեացութիւնն ու ահաբեկչութիւնը պետական քաղաքականութիւն է, եւ դա տեսել են նաեւ ռուս խաղաղապահները, որոնք դարձել են թիրախը», շեշտեց Բաբայեան:
Ան նաեւ ընդգծեց, թէ չի պատկերացներ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ ղեկավար կրնայ մտածել կամ քայլեր առնել, որպէսզի Արցախը յայտնուի Ատրպէյճանի կազմին մէջ:
«Ադրբեջանի կազմում մենք ապագայ չունենք: Մենք հիմա դէ ֆակտօ (իրողապէս) անկախ երկիր ենք եւ մտածել, որ կարող ենք Ադրբեջանի կազմում լինել, անընդունելի է», շեշտեց Բաբայեան՝ աւելցնելով, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը շատ բարդ է, որովհետեւ աշխարհի մէջ այս հակամարտութիւնը ամէնէն բարդ հակամարտութիւնն է:
Բաբայեան աւելցուց, թէ պէտք է իրատես ըլլանք, որովհետեւ Արցախի հարցի համապարփակ կարգաւորումը դեռեւս հեռաւոր ապագայի հարց է:
«Դրա համար պէտք է պահենք եւ պահպանենք Արցախը բոլոր տեսակի միջոցներով: Բոլոր հնարաւորութիւնները կան. եթէ նոյնիսկ չկայ համապարփակ կարգաւորում, Արցախը կը պահպանի իր կարգավիճակը՝ որպէս դէ ֆակտօ անկախ, ինքնիշխան երկիր, մինչեւ տեսնենք՝ ինչ է լինելու յաջորդիւ: Ադրբեջանը պնդում է, թէ Արցախն առհասարակ գոյութիւն չունի, իսկ մենք եւ միջազգային կառոյցները խօսում ենք հակառակը», ընդգծեց Բաբայեան:
Ան աւելցուց, որ Ռուսիա բարոյական պատասխանատուութիւն ունի տարածաշրջանին համար, յայտնելով, որ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու առաքելութիւնը կրնայ երկարաձգուիլ: «Պարզապէս այլընտրանք չկայ, քանի որ հակամարտութիւնը դեռ կարգաւորուած չէ», աւելցուց ան:
Նշենք, որ Բաբայեան Երեւան կը գտնուէր մասնակցելու համար «Արցախի Հիմնախնդիրը Եւ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Քաղաքականութիւնը» գիրքի շնորհահանդէսին:
Բաբայեան նշեց, որ այս հատորը կը պարունակէ Արցախի մասին փաստեր եւ խորհուրդներ առանցքային գաղափարներու եւ բանալի հասկացողութիւններու վերաբերեալ:
«Սա տեղեկատու կա՛մ հանգրագիտարանատիպ մի աշխատութիւն է, որն օգտակար կը լինի քաղաքական, հասարակական, լրատուամիջոցների ներկայացուցիչների եւ գիտակրթական շրջանակների համար: Ներկայացուած են տարբեր գործընթացներ, փաստեր: Աշխատութիւնը բաղկացած է մի քանի մասից: Առաջին մասը պատմական հասկացութիւնն է: Երբեմն կան բացեր, օրինակ, թէ ի՞նչ է Արցախը եւ ի՞նչ է Ղարաբաղը: Ես համոզուած եմ, որ հասարակութեան գերակշիռ մասը դրանք չի տարբերակում: Դրա համար մենք փորձել ենք ներկայացնել այս ամէնը, որ եթէ մարդ պատմաբան չլինի, գոնէ այս տարբերակով կարողանայ ճիշդ եւ հաւաստի տեղեկութիւն ստանալ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով աշխատութեան երկրորդ մասին, Բաբայեան ըսաւ, որ հոն ներկայացուած են նաեւ գաղթականներու, գերիներու, 1918էն մինչեւ 2020ի վերջին պատերազմին, մշակութային ցեղասպանութեան եւ այլ հարցերու մասին տուեալներ:
Երրորդ մասը նուիրուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առանցքային հասկացութեան։
«Մենք այժմ սկսել ենք ռուսերէն թարգմանութիւնը, քանի որ պահանջարկը կայ: Ամենայն հաւանականութեամբ՝ կը թարգմանենք նաեւ անգլերէն: Թարգմանութեան աւարտից յետոյ նպատակ ունենք տպագրել երկու թարգմանութիւններն էլ», եզրափակեց Բաբայեան: