Հայաստանի քաղաքական ներքին իրավիճակին հետեւողը անկասկած պիտի նշմարէ լարուած մթնոլորտի մը առկայութիւնը: Իւրաքանչիւր կողմ ունի իր պահանջները: Այդ պահանջները միայն իշխանութեան հասնելու խաչմերուկին վրայ կը հատեն զիրար: Բարեբախտութիւն է, որ կողմերը յաճախ կը շեշտեն երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը, բայց չեն արտայայտուիր, թէ ո՞ր օրակարգերու շուրջ պիտի ըլլայ այդ երկխօսութիւնը: Այս կը նշանակէ, թէ ընդդիմութեան մօտ կը բացակայի աշխատանքի յստակ ծրագիր, ժողովուրդը այլընտրանքի մղող յստակ ուղղութիւն:
Երկար տարիներու վրայ հետեւելով ընդդիմութեան քայլերուն, կրնանք անվարան ըսել, թէ անոր մօտ կը բացակայի Հայաստանի ազգային անվտանգութեան, տնտեսական բարեկարգումներու, ընկերային արդարութեան, իրաւունքի պետութիւն ստեղծելու յստակ ծրագիր: Անոր միակ նպատակն է պարզապէս հասնիլ իշխանութեան: Այլ խօսքով, իշխանափոխութիւնն է անոր հիմնական նպատակը եւ ոչª ժողովուրդի բողոքներուն եւ ցաւերուն լուծումներ, դարմանումներ գտնելու մղումը: Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ վերջերս տեղի ունեցած երկխօսութեան փորձը ապացուցեց, թէ ընդհանուր յայտարարներ գոյութիւն չունին անոնց միջեւ: Մէկ խօսքովª Լեւոն Տէր Պետրոսեանի զօրախումբին գլխաւոր ու, ըստ երեւոյթին, միակ նպատակը կը շարունակէ մնալ իշխանութեան հասնիլը, որուն դիմաց, իշխանութիւնը պատրաստ չէ զիջելու իր լիազօրութիւններէն…: Աշխարհի վրայ չկայ իշխանութիւն, որ գիտակցաբար վտանգի ենթարկէ իր դիրքերը: Ընդդիմութեան երբեւիցէ զգաստութեան չի հրաւիրեր անոր ղեկավարութիւնը: Մինչեւ ե՞րբ կարելի է պայքար մղել առանց ծրագիրի առկայութեան անտեղի վերջնագիրները: Ան կը սպասէ իշխանութեան թոյլ տուած մէկ սխալին, զայն անմիջապէս շահարկելու դիտաւորութեամբ: Տակաւին աւելին, ընդդիմութիւնը արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով կը փորձէ միջազգային կառոյցներու առջեւ դնել ներհայաստանեան բեմի զարգացումները: Եւ որովհետեւ միջազգային կառոյցներն այնքան չեն շահագրգռուած Հայաստանի ներքին հարցերուն, ընդդիմութիւնը կը փորձէ աղմուկի նոր միջոցներու դիմել:
Ընդդիմութեան տեսանկիւնէն դիտելով, ճգնաժամային իրավիճակ կը տիրէ ներհայաստանեան քաղաքական բեմին վրայ: Իշխանութիւնը նոյնպէս յաճախ կը հաստատէ ժողովուրդին ու իր միջեւ վստահութեան մթնոլորտը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Ցաւալի է արձանագրել, որ յետխորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները չկրցան շահիլ ժողովուրդին վստահութիւնը: Այսօրուան կացութեան մեղաւորը 1991-էն ի վեր իշխանութիւնը գլխաւորող նախագահներն են եւ անոնց հետ դաշինքներ կնքող կուսակցութիւնները:
Անորոշութիւններու մէջ խրած է այսօրուան Հայաստանը: Առաջին եւ երկրորդ նախագահները լուրջ քայլերու կը դիմեն վերադառնալու քաղաքական դաշտ: Ժողովուրդին այլընտրանք է անհրաժեշտ: Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան քաղաքական բեմի վրայ սպառած հեղինակութիւններ են: Հայաստան անմոռանալի յիշատակներ ունի վերոյիշեալ երկուքին գահակալութեան ժամանակաշրջանին տեղ գտած յոռի եւ տխուր եղելութիւններէն: Մենաշնորհեալներու խաւին կազմաւորումը, ընկերային ճչացող անարդարութիւնները եւ իրաւական կառոյցներու ապիկարութիւնները, քաղաքական ոճիրները, արտագաղթը կարգ մը տխուր խորհրդանիշներ են այդ ժամանակահատուածները յիշեցնող: Այսօրուան տնտեսական իրավիճակը չձեւաւորուեցաւ վերջին քսանչորս ժամերուն: Ընկերային բարելաւումներու բացակայութեան հետեւանքով արտագաղթի յուսահատ որոշումը չկայացաւ մէկ օրուան ընթացքին բոլորն ալ մեղաւոր են եւ հաշուետու:
Հայաստանի նախագահութեան ընտրութիւններուն մասին տակաւին բաւական առիթ պիտի ունենանք խօսելու: Որոնք ալ ըլլան նախագահութեան թեկնածուները, ինչպիսի ծրագիրներ ալ ունենան անոնք, յստակ եւ արմատական բարեկարգութիւններ անկարելի է ակնկալել տուեալ իրավիճակին մէջ: Հայաստանին անհրաժեշտ է համակարգային փոփոխութիւն: Համակարգ, որ երաշխաւորէ քաղաքացիին արդար ու արժանավայել կեանք ապրելու իրաւունքը, աւելի ազդու եւ հեղինակաւոր դարձնէ իրաւական կառոյցներու դերը, զարկ տայ երկրին ճարտարարուեստինª տնտեսապէս ինքնաբաւ միջին խաւ ստեղծելու առաջադրութեամբ, այլապէս անուններու շուրջ եւ անոնց հմայքին տակ գինարբուքը առնուազն ինքնախաբէութիւն է եթէ ոչª մոլութիւն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com