ՄՈՍԿՈՒԱ, «Սփութնիք».- Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ «Վալտայ» քննարկման ակումբի հանդիպումին ընթացքին արտասանած խօսքը պիտի չազդէ Արեւմուտքի հետ Մոսկուայի յարաբերութիւններուն վրայ:
«Ռուսիա էր եւ պիտի շարունակէ մնալ Եւրոպայի անփոխարինելի մասը», շեշտեց ան:
Նշենք, որ Փութին իր խօսքին մէջ յայտնած էր հետեւեալը. «Ինչ կը վերաբերի ՆԱԹՕի ռազմակայաններուն, գիտեմ, որ Ուքրանիոյ մէջ այս առնչութեամբ սահմանադրական վճիռներ կան, ոչ ոք մարզումի կեդրոնները կ՛արգիլէ, սակայն մարզումի կեդրոն անուան տակ կարելի է որեւէ բան տեղակայել: Հետագային Խարքով քաղաքին մօտ հրթիռներ երեւան պիտի գան, այդ պարագային ի՞նչ կ՛ընենք: Ուքրանիոյ՝ ՆԱԹՕին պաշտօնական անդամակցութիւնը կրնայ արդէն իսկ տեղի չունենալ, սակայն հոն ՆԱԹՕի զինուորական տեղակայումը ընթացքի մէջ է, ինչ որ Ռուսիոյ համար իսկական սպառնալիք է, եւ մենք ատոր կը գիտակցինք»։ Ան աւելցուց, որ Քիեւ այցելած Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր յայտարարութիւններով «ՆԱԹՕի դռները կը բանայ Ուքրանիոյ դիմաց»: