ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատկերասփիւռային ելոյթի մը ընթացքին անդրադարձաւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման՝ պնդելով, որ ոչ Հայաստանը, ոչ Ատրպէյճանը եւ ոչ ալ Արցախի բնակիչները շահագրգռուած են հակամարտութեան շարունակութեամբ:
Ըստ Փութինի՝ Արցախի մէջ հարցերը կուտակուած եւ կապուած են՝ ենթակառոյցներու վերականգնման եւ սահմանագծումներու հետ, յատկապէս այն տարածքներուն մէջ, ուր պետական սահմաններ չկային:
«Հիմա այդ հարցերը լուծելու աշխատանքը ընթացքի մէջ է: Ստեղծած ենք յատուկ եռակողմ խումբ մը, որուն մէջ ընդգրկուած են Ռուսիա, Հայաստան եւ Ատրպէյճան, եւ ամէն ինչ պիտի ընենք, որ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատուին տարածաշրջանին մէջ», եզրակացուց Փութին: