Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
17 Նոյեմբեր 2020ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին լրագրողներուն տուած իր պատասխաններուն մէջ քանի մը կարեւոր մեկնաբանութիւններ ըրաւ արցախեան պատերազմի վերջին զինադադարին վերաբերեալ, որուն համար ան միջնորդեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։
Ռուսիոյ ղեկավարը իր հարցազրոյցը սկսաւ արցախեան հակամարտութեան պատմութիւնը ներկայացնելով. «Ամէն ինչ արդէն սկսած էր հեռաւոր 1988 թուականին, երբ ազգամիջեան բախումներ տեղի ունեցան Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ: Հայ խաղաղ բնակիչները զոհ դարձան այս իրադարձութիւններուն, իսկ աւելի ուշ այդ բախումները տարածուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Եւ քանի որ Խորհրդային Միութեան ղեկավարները պատշաճ կերպով չարձագանգեցին այս իրադարձութիւններուն … թոյլ տուէք նորէն ըսել․ ասոնք զգայուն հարցեր են, ես չեմ ուզեր ոեւէ մէկուն կողմէ ըլլալ կամ որոշել, թէ ո՛վ էր ճիշդ կամ սխալ։ Հիմա ատիկա ընդհանրապէս կարելի չէ որոշել, բայց պէտք էր կարգ ու կանոն հաստատել, պաշտպանել խաղաղ բնակիչները, իսկ այդ բանը չեղաւ։ Այդ ժամանակ հայերը իրենք զէնք վերցուցին, ու սկսաւ այս երկարաձգուած կռիւը, որ տեւեց տարիներ։ Ի վերջոյ, 1991 թուականին կռիւը յանգեցաւ Ղարաբաղի կողմէ իր անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ ինքնուրոյնութեան հռչակման: 1994ին ստորագրուեցաւ Պիշքեքեան արձանագրութիւնը եւ Պիշքեքի այս յուշագիրը այն ատեն կանգնեցուց ռազմական գործողութիւնները։ Ի՞նչ արդիւնք ունեցաւ։ Ինչպէս ըսի, Ղարաբաղը հռչակեց իր անկախութիւնը եւ յարակից եօթը այլ շրջաններ յայտնուեցան հայերու, այսինքն՝ Հայաստանի վերահսկողութեան տակ»:
Ի պատասխան լրագրողի այն մեկնաբանութեան, որ «ոչ ոք չէ ճանչցած Ղարաբաղի կարգավիճակը», Փութին նշեց․ «Այդ մէկը ճիշդ է. ոչ ոք Արցախը ճանչցաւ այն ատեն եւ յետոյ: Ի դէպ, Հայաստան ինքն ալ չճանչցաւ․․․: Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչնալուն կամ չճանչնալուն, կրնան տարբեր մօտեցումներ ըլլալ, սակայն այդ, անկասկած, էական գործօն էր, վերջերս աւարտած (յոյսով եմ) արիւնալի հակամարտութեան պարագային: Ղարաբաղի՝ նոյնինքն Հայաստանի՛ իսկ կողմէ չճանչցուելու փաստը խոր հետք ձգած է իրադարձութիւններու զարգացման եւ զայն ընկալելու ձեւին վրայ: Անկեղծ ըսած, Վրաստանի նախկին ղեկավարութեան, անշուշտ, յանցաւոր գործողութիւններէն ետք, նկատի ունիմ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ մեր խաղաղապահներու դէմ յարձակումները, Ռուսիա ճանչցած է Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ անկախութիւնը: Մենք արդարացիօրէն ճանչցանք Խրիմի մէջ ապրող ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութիւնը եւ անոնց ձգտումը՝ վերամիանալու Ռուսիոյ, մենք ընդառաջ գացինք մարդոց, մենք բացայայտ կերպով ըրած ենք այդ։ Կրնայ մէկուն հաճելի թուիլ, ոմանց կրնայ հաճելի չթուիլ՝ մարդոց շահերէն մեկնած, որոնք կ՛ապրին հոն, եւ ամբողջ Ռուսիոյ շահերէն մեկնած, եւ մենք կը ձգտինք ուղիղ խօսիլ այդ մասին: Ղարաբաղի նկատմամբ այդ չէ եղած, եւ այդ էապէս, ի հարկէ, ազդած է հոն տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վրայ»։ Հարցազրոյցին մէջ աւելի ուշ Փութին աւելցուց. «Հայաստան չէր ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը: Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն այդ կը նշանակէր, որ Լեռնային Ղարաբաղը եւ յարակից շրջաններ կը հանդիսանային Ատրպէյճանի Հանրապետութեան անքակտելի մասը»:
Ասիկա կարեւոր յայտարարութիւն էր Փութինի կողմէ։ Հայաստան դժկամ էր ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը՝ մտահոգուելով միջազգային հանրութեան հակադարձութեան պատճառով: Վախ կար, որ նման քայլ մը կրնար խանգարել խաղաղ բանակցութիւններուն եւ, հնարաւոր է, որ յանգեցնէր պատերազմի կամ առնուազն մերժման եւ պատժամիջոցներու կիրառման՝ ՄԱԿի կողմէ Հայաստանի դէմ:
Հայաստանի ղեկավարները, մինչեւ վերը նշուած Փութինի մեկնաբանութիւնները, գաղափար չունէին, որ Արցախի անկախութիւնը չճանչնալը Ռուսիոյ ղեկավարին կողմէ կը դիտուէր իբրեւ սխալ՝ բացասաբար ազդելով Ռուսիոյ աջակցութեան վրայ: Անցնող տասնամեակներուն, Մինսքի խումբի միջնորդներու, անոնց շարքին` Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու ընթացքին հետաքրքրական է, որ արդեօ՞ք Հայաստանի ղեկավարներէն ոեւէ մէկը երբեւէ հարցուցած է Փութինի կամ անոր նախորդներուն՝ արձագանգել Հայաստանի կողմէ Արցախի հնարաւոր ճանաչման: Եթէ Հայաստանի ղեկավարները չեն բարձրացուցած այս հարցը, այդ շատ մեծ սխալ էր: Եթէ Հայաստան իմանար, որ Ռուսիա կ՛ողջունէ իր կողմէ Արցախի ճանաչումը, հետագայ իրադարձութիւնները, ներառեալ վերջին պատերազմը, բոլորովին ուրիշ կ՛ըլլային: Որոշ հայեր կ՛ենթադրէին, որ եթէ Արցախ միացած ըլլար Հայաստանի, ապա այդ իրողութիւնը կը ստիպէր Ռուսիոյ, որ պաշտպանէ Արցախը արտաքին յարձակումներէ, հիմնուած Ռուսիոյ եւ Հայաստանի փոխադարձ պաշտպանութեան պայմանագիրին վրայ: Ինչպես նախօրօք առաջարկած էի, թերեւս այս ուշացած փուլին Հայաստան վերջապէս կը լսէ Փութինի խորհուրդը եւ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը կամ կը միացնէ զայն Հայաստանի` Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն սակարկութիւն ընելու համար:
Ի պատասխան Արցախի կարգավիճակի վերաբերեալ մէկ այլ հարցումի՝ Փութին յայտարարեց. «Այո, այդ խնդիրը կայ, քանի որ Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը չէ լուծուած: Մենք համաձայնած ենք պահպանել ներկայ կարգավիճակը: Թէ ի՞նչ կ՛ըլլայ յետոյ, ի վերջոյ կ՛որոշեն ապագայ ղեկավարներն ու այս գործընթացի ապագայ մասնակիցները: Կը կարծեմ, որ եթէ բնական կեանքի համար ստեղծուին պատշաճ պայմաններ եւ վերականգնին յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, մարդոց առօրեայ կեանքին մէջ, յատկապէս հակամարտութեան գօտիին մէջ գտնուող մարդոց միջեւ, ատիկա կը ստեղծէ միջավայր՝ Ղարաբաղի կարգավիճակը որոշելու համար»: Այս պատասխանը յոյսի մէկ նշոյլ է, որ ժամանակի ընթացքին Արցախ կը յաջողի հասնիլ իր նպատակին՝ անկախ կարգավիճակ ստանալուն: Հետաքրքրական է, որ Փութին այս որոշումը ձգեց «ապագայ ղեկավարներուն եւ այս գործընթացի ապագայ մասնակիցներուն»:
Ուրիշ հարցում մը կը վերաբերէր Արցախի յարակից տարածքներուն եւ Շուշիի կարգավիճակին՝ մինչեւ Ատրպէյճանի կողմէ անոր գրաւումը: Նախագահ Փութին բացատրեց, որ Արցախը շրջապատող տարածքները Ատրպէյճանին վերադարձնելու մասին Ռուսիա առաջին անգամ առաջարկած է 2013 թուականին եւ ստացած է Ֆրանսայի եւ ԱՄՆի աջակցութիւնը: Ան ըսաւ, որ ատիկա կը պահպանէր Արցախի ներկայ կարգավիճակը «որպէս չճանաչուած պետութիւն», իսկ անոր վերջնական կարգավիճակը պէտք է լուծուէր ապագային: Փութին յայտարարեց, որ պատերազմ չէր ըլլար, եթէ Հայաստան համաձայնէր երկու կողմերու գաղթականներուն վերադարձը իրենց նախկին տուները:
Շուշի քաղաքի մասին Փութին հաստատեց, որ անոր փոխանցումը Ատրպէյճանի՝ երբեք չէ բարձրացուած իբրեւ հարց: Փութին յիշեց, որ պատերազմի աւարտէն 20 օր առաջ, երբ Ատրպէյճան նուաճած էր Արցախի միայն «աննշան մասը», ինք կրցած էր համոզել Ալիեւը դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները՝ պայմանով, որ ատրպէյճանցի գաղթականները կարենան վերադառնալ Շուշի` հայկական հսկողութեան տակ, ռուս խաղաղապահներու ներկայութեամբ: Սակայն, Փաշինեան Փութինի ըսաւ, որ այս պայմանը անընդունելի է Հայաստանի համար, եւ շարունակած է մարտերը՝ զանոնք յանգեցնելով Շուշիի կորուստին: Փութին աւելցուց, որ Փաշինեանի կողմէ «դաւաճանութիւն» չէ եղած:
Նախագահ Փութին նաեւ քանի մը կարեւոր զիջողական արտայայտութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ մասին: Ռուսիոյ առաջնորդը խոստովանեցաւ, որ «Ատրպէյճան անկախ, ինքնիշխան պետութիւն է եւ ունի բոլոր իրաւունքները դաշնակիցներ ընտրելու, ինչպէս որ յարմար կը գտնէ։ Ո՞վ կրնայ մերժել այս իրաւունքը: Ասիկա առաջին: Եւ երկրորդ, ինչպէս արդէն ըսած եմ, ոչ ոք, նոյնիսկ Հայաստան, չէ ճանչցած Ղարաբաղի անկախութիւնը: Ի՞նչ կը նշանակէ այս միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն: Կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան կը ձգտէր վերականգնել իր տարածքները, զորս Ատրպէյճան եւ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը կը համարեն ատրպէյճանական տարածքներ: Եւ այս առումով ան իրաւունք ունէր ընտրելու որեւէ դաշնակից, զոր իրեն որոշակի օգնութիւն կը ցուցաբերեր այս հարցով: Կրնաք Թուրքիոյ գործողութիւնները գնահատել ինչպէս կ՛ուզէք, բայց դժուար է զայն մեղադրել միջազգային իրաւունքի խախտման մէջ»։
Յատկանշական է, որ Փութին չնշեց Թուրքիոյ կողմէ միջազգային իրաւունքի խախտումներու մասին՝ Հիւսիսային Սուրիայէն ահաբեկիչներ հաւաքագրելու եւ զանոնք Ատրպէյճան տեղափոխելու մասին՝ Արցախի դէմ կռուելու համար: Հաշուի առնելով Ռուսիոյ բազմաթիւ շահերը Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան առումով, զարմանալի չէ, որ ան անտեսեց Թուրքիոյ յանցագործութիւնները:
Նախագահ Փութին անսպասելիօրէն նշեց այն պատճառը, թէ ինչու թուրք խաղաղապահները չեն կրնար միանալ ռուսերուն, Արցախի մէջ: Ան յայտարարեց, որ այդ մէկը պայմանաւորուած է «անցեալի դառն ժառանգութեամբ, ողբերգական եւ արիւնալի իրադարձութիւններով, որոնք տեղի ունեցած են Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ՝ Ցեղասպանութեամբ: Սա գործօն է, որ կրնայ ճանչցուիլ կամ մերժուիլ. ոմանք ասիկա կը հասկնան, իսկ ոմանք՝ ոչ: Ռուսիոյ համար խնդիր չէ. մենք այդ շատոնց ճանչցած ենք: Բայց ինչո՞ւ հայկական կողմը գրգռել՝ շփման գիծի վրայ թուրք զինուորականներու ներկայութեամբ։ Կը կարծեմ, որ նախագահ Էրտողան լիովին տեղեակ է այդ մասին»։
Վերջապէս, Նախագահ Փութին արդարացուց ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու մասին վարչապետ Փաշինեանի համաձայնութիւնը: Ան աւելցուց, որ ստորագրուած համաձայնագիրի որեւէ մերժում Հայաստանի համար «ինքնասպանութիւն» կ՛ըլլայ․․․: «Այդ մէկը հսկայական սխալ կ՛ըլլայ»: Փութին նաեւ խոստովանեցաւ, որ թէեւ ինք լաւ յարաբերութիւններ ունէր Հայաստանի նախկին ղեկավարներուն հետ, սակայն Փաշինեանի իշխանութեան գալէն ետք Ռուսիոյ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ չեն փոխուած: Այս յայտարարութիւնը կարելի է բացատրել այն փաստով, որ քանի որ Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը կը քննադատէ Փաշինեանի կողմէ զինադադարի համաձայնագրի ստորագրումը, Փութին չի փափաքիր քննադատել զայն, քանի որ անոր հակառակորդները, եթէ գան իշխանութեան, պիտի մերժեն համաձայնագիրը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել Ատրպէյճանի դէմ պատերազմի վերսկսման:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան