ԺԸՆԵՒ, «Սուիսէնֆօ»․- Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա վեհաժողովէն ետք, Զուիցերիոյ նախագահ Կի Փարմելին եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Իկնացիօ Քասիս եւ անոր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրով դռնփակ բանակցութիւններ ունեցան:
Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին պաշտօնատարները, այլ հարցերու կողքին, քննարկեցին նաեւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը:
«Հանդիպումին ընթացքին Փարմելին ու Քասիս կոչ ուղղեցին՝ Ուքրանիոյ հարցը խաղաղ ճամբով լուծելու, քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, որուն գծով Ռուսիա միջնորդ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Քննարկուեցաւ նաեւ Իրանի հիւլէական հարցը», կ՛ըսուի հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: