Օրերէ իվեր այս հարցումն է որ շրջանառութեան դրուած է հայկական լրատուամիջոցներու կողմէ։
Ամէն անկիւնէ միշտ կը լսենք միեւնոյն հարցումը.- Քեսապցիները ո՞ւր մնան, ո՞ւր հաստատուին՝ եթէ ճակատագրի դառն հարուածով պարտադրուին հողազուրկ դառնալ ու չկարենան վերադառնալ իրենց պապենական տուները…։
Հարցումը շատ լեղի է, եւ ես, հոս, վարանումով է որ կը համարձակիմ գրել այս մասին, որովհետեւ՝ նախ չեմ ուզեր հաւատալ թէ Քեսապն ու շրջակայքը կրնայ փրթիլ Սուրիոյ աշխարհագրական հողատարածքէն, ապա որովհետեւ քաջատեղեակ եմ՝ որ նման հարցում մը խո՛րապէս կը վիրաւորէ գաղթական ու տնանկ դարձած քեսապցիները։
Այնուհանդերձ, դաժան իրականութիւնը պէտք է զգաստացնէ բոլորս։ Ահա աւելի քան երեք շաբաթներ անցան Քեսապի հայաթափումէն, ու մինչ այդ՝ տուն դարձի ո՛չ մէկ հեռանկար կ՛երեւի հորիզոնին վրայ…։ Ընդհակառակն, հայկական սփիւռքի ամէնէն պատասխանատու բերանները արդէն իսկ սկսած են առաջարկներ ներկայացնել՝ Քեսապցիները Լաթաքիայէն դէպի Հայաստան կամ Արցախ տեղափոխելու կարելիութեանց մասին…։
Պարտուողակա՞ն կեցուածք է ասիկա, Քեսապէն «ձեռք լուալ»ու փութկոտութի՞ւն մը, չեմ գիտեր։
Կամ արդեօք քաղաքական ԿԱՆԽԱԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻ՞ՒՆ մը, համոզուած ըլլալով՝ թէ ա՛լ Քեսապը չի՛ վերադառնար իր տէրերուն։ Ո՞վ գիտէ։
Ո՛չ ոք կրնայ նախատեսել ապագան երկրի մը, ուր ամէն ինչ խճողակի վերածուեցաւ (ձեզի ծանօթ թապպուլէ-ն) ու ամէն մարզի մէջ կը տիրէ քաոս ու անիշխանութիւն…
Հարցումը իր ծանրութիւնը կը պահէ սակայն.- Լաթաքիոյ հայոց եկեղեցիին բակն ու սրահները լեցնող քեսապահայութիւնը դեռ քանի՞ ամիս, քանի՞ եղանակ կրնայ դիմանալ գաղթականի ու նպաստընկալի այս կարգավիճակին։
Երէկ, Դիմատետրի վրայ, առաջարկ մը եւս եղած էր անոնց համար։ Ըսուած էր որ վերաբացուին Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին դռները ու քեսապցիները առժամաբար հոն տեղադրուին։ Կիպրոսը, աշխարհագրականօրէն հեռու չէ Քեսապէն։ Ու Մելգոնեանի թափուր շէնքերն ալ կրնան կենցաղային աւելի ձեռնտու պայմաններ ստեղծել գաղթականներուն։
Բայց հոս ալ կան երեք գործօններ.-
– Հ.Բ.Ը.Միութիւնը (որ տէրն է Մելգոնեանին) կը յօժարի՞ նման գաղափարի մը, յանձն կ՛առնէ՞ նման ծանր բեռ մը։
– Կիպրական Պետութիւնը կը թոյլատրէ՞ հոծ թիւով (ըսենք՝ 1500 հոգի) գաղթականներու վերաբնակում մը իր հողամասերուն վրայ։
– Եւ ամէնէն էականը՝ քեսապցիք Լաթաքիայէն հեռանալու տրամադի՞ր են։
«Մարտահրաւէր» բառը, զոր բնաւ չեմ սիրեր ու չեմ գործածեր, այս խնդրին առիթով կարծէք կը պարտադրէ ինքզինք…։
Լ.ՇԱՌՈՅԵԱՆ