«Լեռը մուկ մը ծնա՜ւ…»: Վստահաբար բոլորին ծանօթ է այս զաւեշտալի արտայայտութիւնը, որ թերեւս առաջին անգամ լսողին մօտ խնդուք կամ ծիծաղ կը յառաջացնէ, բայց լուրը այդպէս ալ ծիծաղելի չէ: Այո՛, լեռը մուկ մը ծնաւ..: Ուրեմն այսպէս, Ժողովրդավա~ր Թուրքիոյ խրոխտ վարչապետը, խափանելու համար հակառակորդներուն ընտրական նկրտումները եւ լռեցնելու համար ազատ խօսք ու մտածում, ուղղակիօրէն սարսափած վերջերս տեղի ունեցած եւ ապագայ ընտրական քարոզարշաւէ եւ արդիւնքներէն, Թուրքիոյ տարածքին անակնկալօրէն արգիլել տուաւ Twitter-ն ու Youtube-ը, մոռցնել տալով «Կէզի Այգի»ին տակաւին կոտտացող տխուր յիշատակները:
Ներկայ դրութեամբ, ամբողջ աշխարհին ծանօթ է այն, որ Միջին արեւելքը թատերաբեմ է պատերազմներու, ուր ամէն օր տասնեակ անմեղներ կը զոհուին եւ աշխարհի մեծամեծներ, ըլլան անոնք նախագահ, վարչապետ կամ դիւանագէտ, կը դիտեն Սուրիոյ մէջ մահ հնձող իրական դիպաշարները` մեծ անտարբերութեամբ, շարունակելով իրենց աւանդական ԱՌՈՒԾԱԽ-ԳԻՆԱՐԲՈՒՔԸ՝ փոքր ժողովուրդներու հաշւոյն, քմահաճօրէն:
Արաբական աշխարհը կիզող «գարուն»ը եթէ երէկ խանձեց շատ մը արաբական երկիրներ, ուր հարիւրհազարներ մահացան ու աքսորուեցան, սակայն այսօր նոյն «գարնան քամի»ին զոհը Սուրիոյ ժողովուրդն է, որ երեք տարիներու ծանր տառապանք ապրելէ ետք, արդէն ներկայիս թեւակոխած է չորրորդ տարին, եւ արիւնը կը հոսի ամենատխուր պայմաններու տակ, ամբողջ Սուրիոյ տարածքին, այրելով չորն ու թացը: Տիրող անորոշութեան մէջ, զարմանալիօրէն, տակաւին առաջ կը քշեն «ժողովրդավարութեան» յոգնած լոզունգը եւ այս հովանոցի տակ որպէ՜ս թէ պաշտպանելու համար անիրաւուածներուն իրաւունքը..: Հաւատա՞նք, բայց ինչպէ՞ս… հրդեհո՞վ, արիւնո՞վ, քանդումո՞վ, թէ իրապէս ժողովրդավար օրինաւորութեամբ..: Բաւական չէ՞ մինչեւ հիմա թափուած արիւնը արդեօք:
Մեզի՝ հայերուս համար, քաղաքական գործիչներու աժան ու բերնի ծամոց «շան քարոզներ»ը այլեւս ըլլալով ծիծաղելի, զարմացնո՜ղ են նաեւ…: Որո՞ւ կ’ուզեն խաբել արդեօք, մե՞զ, թէ իրենց ժողովուրդները, որոնց համար վերջին հո՜գ է Արեւելքը եւ անոր բնակչութիւնը: Արեւմուտքի մէջ, ցաւ ի սիրտ, կը գտնուին մարդիկ, որոնք մինչեւ օրս չեն ալ գիտեր, թէ քարտէսի վրայ ո՞ւր է Լիբանանը, ո՞ւր է Սուրիան, ո՞ւր է Արցախը կամ Հայաստանը:
Քաղաքական կարգ մը գործիչներ համոզուած ենք, որ պարզապէս աժան փերեզակներ են… փողոցային «չէրչինե՜ր», որոնք խօ՜սք կը ծախեն միայն, ժողովուրդներու եւ մարդկանց ուշադրութիւնները հեռացնելով հիմնական խնդիրներէն, սուտով ու կեղծիքով խաբելով զանոնք, միայն թէ հասնին իրենց «փեթրօ-տոլարներու» երազանքներուն ու զէնքի առք ու վաճառքին եւ կուտակեն լեցուիլ չգիտցող գրպանները..:
Գիտութեան ու տեղեկատուական միջոցներու առատութեան այս պահուն, ափսոս, որ մեծամեծ արկածախնդիրներ չեն նշմարեր «մարդու սիրտ ուտող» հերոսները, հեռատեսիլի յայտագիրներու եւ դիպաշարներու մէջ մարդու գլուխ ու վիզ կտրող կտրիճները, եկեղեցի եւ աղօթատեղի քանդող իբր թէ աստուածավա՜խ փրկիչները: Անոնք, երեւելի տիտաններ, այս բոլորը տեսնելով հանդերձ կը շարունակեն զինե՛լ նմանօրինակները, իւղ թափելով կրակի վրայ, որպէսզի աւելի ու աւելի բորբոքի կացութիւնը:Անոնք, եթէ իրապէս նախանձախնդիր են հաստատելու համար ժողովրդավարութիւն, ինչո՞ւ չեն մտածեր երկխօսութեան ճանապարհով լուծելու ամէն խնդիր, խնայելու համար հազարաւոր կեանքեր..:
Վերջին օրերուն, երբ տակաւին Հալէպի մէջ բարձրացող ցաւերը կը կոտտային, ահա՛ ամբողջ հայութեան համար ընդվզումի նոր ալիք մը բարձրացաւ, Քէսապի եւ քէսապահայութեան գոյութեան սպառնացող վտանգին պատճառով: Կասկած կ’ուզէ՞… բազմազգեան ահաբեկիչներ, զինուած ամենաարդիական զէնքերով շրջան կը հասնին Թուրքիոյ սահմաններէն, բնականաբար եւ անպայմանօրէն քաջալերանքովը թրքական իշխանութիւններուն, ահաբեկելու համար խաղաղ հայ բնակչութիւնը: Շրջան հասնող խմբակներու մէջ են թրքալեզու բազմահազար զինեալներ: Ասոնք, յստակ է եւ հաստա՛տ, որ կը վայելեն թրքական պետականութեան զօրաւոր նեցուկը, մի քանի ցցուն ու աչք ծակող պատճառներով: Թուե՛նք.
Առաջին. Թուրքիան, հակառակ անոր, որ կը գտնուի ՆԱԹՕ-ի կազմի մէջ, բացայայտ է, որ կամաց-կամաց կը պատրաստուի ուշ կամ կանուխ դիմաւորել «թրքական գարուն» մը, երբ իր հողատարածքին վրայ կը հաշուէ միլիոնաւոր անիրաւուած քիւրտեր, ալեւիներ, իսլամաց«ու»ած, քրտաց«ու»ած եւ ալեւիաց«ու»ած հայեր ու ասորիներ, որոնք ոչ թէ տարիներէ, այլ դարերէ՜ ի վեր կը տառապին թուրքի լուծին տակ եւ կարօտ են ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ, ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ եւ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ, որոնք խլուած են իրենցմէ: Այս պարագային կը զարմանանք, թէ ինչո՞ւ կը լռեն Արեւմտեան բախտախնդիրները..:
Երկրորդ. Թուրքիոյ համար Քէսապի եւ շրջանի վրայ կատարուած յարձակումը կը հետապնդէ բացորոշ մէկ նպատակ: Թուրքիոյ պատասխանատու ղեկավարներ, վախնալով Թուրքիոյ համար մօտիկ ապագային պատահելիք հաւանական իրարանցումէն ու ճաթրտուքէն, այժմէն կը պատրաստուին պատուար դնել ու փակել Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ ալեւիներուն միջեւ գտնուող ամէն անցք, առաջքը առնելու համար յետագայ հաշիւներու..: «Գող, սիրտը՝ դո՜ղ» կ’ըսէր մեծ հայրս..:
Երրորդ. Երբ Թուրքիա կը պատրաստուէր նոր ընտրութիւններու, Թուրքիոյ վարչապետը կը փափաքէր ցոյց տալ իր բազուկներուն ուժը: Արդարեւ, Լաթաքիոյ վրայ թրքական պատերազմական օդանաւերուն կողմէ վար առնուած Սուրիական զինուորական «Միկ» օդանաւին դէպքը, վերստին «սիրամարգի փետուր» հագնելու ոսկի առիթ եւ հպարտութիւն տուաւ վարչապետ էֆէնտիին, որ գինովցած ձեռք բերուած զինուորական յաջողութենէն, կը պատրաստուի նման առիթներ օգտագործել, ցոյց տալու համար իր ժողովրդականութիւնը՝ ոչ թէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու պարագային միայն, այլ մօտալուտ նախագահական ընտրութեանց ժամանակ:
Չորրորդ. Ինչ կը վերաբերի վերջերս ահաբեկող փաղանգներուն Քէսապ ներխուժման, այլեւս մտածելու կարիք կա՞յ..: Թրքական իշխանութիւններ կ’ուզեն «ձուկ որսալ պղտոր ջուրի մէջ» ուղղակիօրէն քաջալերելով յարձակող խմբակները, որպէսզի տեղահանեն ու աքսորեն տեղի հայ բնակչութիւնը, քանդե՛ն անոնց բնակարանները, այսօրինակ քայլերով հայ զանգուածները հեռացնելու համար ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՕՏ ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔՆԵՐԷՆ, միշտ վախնալով ապագայ պատահելիք անակնկալներէն, որ խոշոր ու մնայո՛ւն գլխու ցաւ է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար:
Այս բոլորը՝ ծրագրաւորուած ու հաշուըւած անշուշտ: Պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք: Մեր դարաւոր ոսոխը կը յարձակի, կ’այրէ, կը քանդէ, կը յափշտակէ, կը գողնայ, կը սպաննէ… իսկ հայը, առանց յուսահատելու կը դարմանէ իր վէրքերը, կը բուժէ զանոնք, կը նորոգէ իր աւերուած տունն ու տեղը եւ որպէս ՓԻՒՆԻ՜Կ, վերստին կը կառչի կեանքին, կը վառէ իր օճախը, կը շէնցնէ իր տունը՝ մերժելով յանձնուիլ ու տկարանալ, առանց խեղճանալու, միշտ հաւատացած իր կամքի ուժին: Իսկ քաղաքակիրթ Արեւմո՞ւտքը… կը դիտէ այս բոլորը՝ պահուըտած իր մատին ետին, հագած սեւ ու մութ ակնոցներ՝ ըստ իր բարի՜ սովորութեան:
Հինգերորդ. Քեսապի նկատմամբ Թուրքիոյ սրած ախորժակը, պատահականութեան արդիւնք չէ արդարեւ…: Խրիմի թերակղզիին Ռուսաստանի միացումէն ետք, Քեսապը եւ նմանօրինակ տարածքներ արդէն խաղաքարթ են Արեւմուտքի ափին մէջ, երբ տաք շագանակը կրակի վրայէն առնել կու տայ խամաճիկ-գործակալներու: Բաց աստի, այլեւս բացայայտ է, որ Սուրիական ափերուն առկայ են քարիւղի կամ կազի պաշարներ, որոնց հոտը արդէն վաղո՜ւց հասած է Արեւմտեան պատասխանատուներու ռունգերուն..: Ինչո՞ւ անոնք պիտի զրկուին այս պատրաստ կերակուրի համէն ու բաժինէն:
Եզրակացնենք: Քեսապի ներխուժումէն ետք, համոզուեցանք ազգովին, թէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը ոչ թէ մօտեցաւ, այլ կրնանք ըսել, որ այժմէ՛ն սկսաւ՝ Քէսապի վրայ կատարուած թրքական նոր սաթայելական ծրագիրի արդիւնքով: Մենք, տեսնելով այս բոլորը, համոզուած ենք, որ միայն միասնական կամքով կրնանք յաղթահարել ամէն սպառնալիք ու մարտահրաւէր: Հայուն առջեւ հիմա բաց են քաղաքական բոլոր ճանապարհները: Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը խաղան իրենց վերջին խաղաքարթերը, իսկ մեզի համար այլեւս լռելը՝ մահացու մեղք է, պէտք է մերկացնե՛լ «երէկուայ հիւանդ մարդուն» քմահաճ արարքները եւ ցոյց տալ գէթ անգամ մը, որ թուրք «արքա»-ն իրապէ՛ս մերկ է, ան պարզապէս հագած է Արեւմուտքի պատրաստած փայլուն ու կեղծ փետուրնե՜րը… որոնք վստահ ենք, որ երկար պիտի չդիմանան վաղուայ փչելիք գարնան քամիներուն դիմաց..:
Կար ժամանակ, եբր կը խորհէինք, թէ «համբերութիւնը կեանք է»: Իսկ հիմա՞… մեր համբերութեան բաժակը փշրուեցաւ, զարնուելով Քէսապի լեռներուն: Հարկ է շտապել դէպի քաղաքական դաշտ, Ցեղասպանութեան նախօրեակին բոլոր ոստաններու մէջ հնչեցնելու համար քնացած զանգերը..: Տեղեկատուական դաշտը բաց «Աւարայր» է, իսկ ոսոխը՝ միշտ նոյնը, որ միայն սպանութեամբ, թալանով ու արտաքսումով կը տիրէ հայու ինչքին: Ուստի, մեզի կը մնայ մեր ունեցած կիրթ զէնքերը գործածել ճիշդ ուղղութեամբ՝ առանց ժամանակ կորսնցնելու: Շարժի՛նք հայեր:
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ