Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Ժոմպլաթի հետ քննարկած է շարք մը հարցեր, յատկապէս` ապրուստի վերաբերող:
Պատասխանելով նախագահական անիշխանութեան եւ ընթացիկ կառավարութեան դերակատարութեան մասին հարցումի մը` Միքաթի յայտնեց, որ այդ հարցը ուղղակիօրէն չեն քննարկած: «Անիշխանութիւն կոչուած բան չկայ, այլ` նախագահական թափուր աթոռ, իսկ նախագահին լիազօրութիւնները կը փոխանցուին կառավարութեան», շեշտեց Միքաթի` աւելցնելով, որ սահմանադրութիւնը յստակօրէն ճշդած է, թէ նախագահական թափուր աթոռի պարագային հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները կը փոխանցուին կառավարութեան:
Միքաթի յայտնեց, որ այսօր ան հանդիպում մը պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: