Ուրբաթ, 31 Մայիս 2019-ին, Քուէյթահայութիւնը Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, յաւարտ սուրբ պատարագին, աջահամբոյրով հրաժեշտ տուաւ իր սիրելի առաջնորդին՝ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանին:
Հրաւիրեալներուն բարի գալուստ մաղթեց, ապա համախմբման առթիւ սրտի խօսք ըսաւ Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեան:
«Որքան հաճելի էր դիմաւորելը, նոյնքան տհաճ է եւ յուզիչ է հրաժեշտը»,- խօսք առնելով ըսաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Յակոբ Պէրպէրեան: Ապա շարունակեց. «Թէեւ տխուր ենք Ձեր մեկնումով, սակայն սիրով կ’ընդունինք Վեհափառ Հայրապետին թելադրանքը՝ Ձեր ծառայութիւնը այլ շրջանի մը մէջ շարունակելու գծով: Ձեզ յաջողութիւն եւ առողջութիւն կը մաղթենք հետագայ գործունէութեան ընթացքին»: Ազգային Վարչութեան անդամները այնուհետեւ ոսկեայ խաչ մը նուիրեցին Սրբազան Հօր:
Քուէյթի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անունով խօսք արտասանեց ատենապետ Տիար Քեռի Սարգիսեան: Ան ըսաւ. «Սրբազան Հայրը դարձաւ երիտասարդ հայրը քուէյթահայ գաղութին, իբրեւ հոգեւորական՝ դառնալով հաւատքի ու սիրոյ սերմնացանը: Մեծ նուիրումով սատար հանդիսացաւ Քուէյթի եկեղեցաշինութեան աշխատանքներուն եւ առաջնորդարանի բարգաւաճման»:
Սրբազան Հայրը այնուհետեւ իր անհուն ուրախութիւնը կիսեց համախմբուած քուէյթահայութեան, վեր առնելով քուէյթահայու ազնիւ նկարագիրն ու ազգին ծառայելու ու նուիրելու ամբողջական պատրաստակամութիւնը: Ան երախտագիտութեամբ դիմեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառին, Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի առաջնորդութիւնը հինգ տարիներ իրեն վստահելու համար: Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեանին, ինչպէս նաեւ Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան, Վարժարանի Հոգաբարձութեան, յարակից բոլոր միութիւններուն եւ ազգային բարերարներուն, որոնք անվարան կերպով համագործակցած են ազգին ծառայելու համար: Սրբազան Հայրը յիշեց նաեւ երկրիս բարեխիղճ ղեկավարներն ու բարձրաստիճան այրերը, որոնք մշտապէս յայտնած են իրենց համակրանքը հայ ժողովուրդին եւ հայկական համայնքին նկատմամբ:
Աւարտին՝ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որուն ընթացքին համախմբուած հայորդիները առիթը ունեցան իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցել Սրբազան Հօր մեկնումի առթիւ:
Իսկ դահլիճէն դուրս, առաջնորդարանին մէջ, բոլորը քաղցրացան Ազգային Վարչութեան կողմէ պատրաստուած համեղ հիւրասիրութեամբ: