Աւագ շաբաթը իր լրումին հասաւ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեամբ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը, կիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին անգամ մը եւս իր երդիքին տակ համախմբեց իր հաւատացեալ զաւակները, որպէսզի քրիստոնէավայել կերպով նշուի Ս. Զատկուան հոգեպարար տօնը:
Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ եւ իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին: Ս. պատարագի քառաձայն երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի:
Հաւատացեալներու կողքին, պատարագին ներկայ էին նաեւ դեսպաններ, պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներ, քաղաքական անձնաւորութիւններ, կաթողիկոսարանի բարերարներ եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր Պօղոս առաքեալին այն խօսքը, թէ` Քրիստոս յարութիւն առաւ, որպէսզի «մենք նորոգուած կեանքով ապրինք» (Հռ 6.4): Նորին սրբութիւնը ըսաւ, թէ առաքեալին այս հաստատումը ամբողջական ու հարազատ կերպով կը ներկայացնէ Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը, որ մարդուն վերանորոգ կեանք պարգեւելն էր: Արդարեւ, մարդ իր ազատ կամքով ընտրած էր մեղքի ու չարի ճամբան` մերժելով Աստուծոյ պարգեւած շնորհները եւ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած պատասխանատուութիւնը: Այլ խօսքով, մարդը մերժած էր Աստուծոյ գործակիցը դառնալու երկնային պարգեւը ու դարձած էր չարին գործակիցը:
Շարունակելով իր պատգամը` կաթողիկոսը ըսաւ. «Աստուածատուր կեանքը ապականած մարդուն վերստին կեանք պարգեւելու առաքելութեամբ աշխարհ եկած էր Աստուծոյ Որդին: Իր առաքելութեան սկիզբը Քրիստոս յայտարարեց, թէ ես եկայ, որպէսզի առաւել կեանք ունենանք: Առաւել կեանքը, քրիստոնէական հասկացողութեամբ, աստուածատուր ու աստուածակեդրոն կեանքն է. երկնային շնորհներով ու բարիքներով շաղախուած կեանքն է. Քրիստոսի յարութեամբ վերանորոգուած կեանքն է: Ահա՛ թէ ինչու առաւել կեանքի նուաճումը Քրիստոսի յարութեամբ դիւրին չեղաւ. դէպի յարութիւն ուղղուած Քրիստոսի առաքելութիւնը եղաւ խաչի ճանապարհ: Ինչպէս հայ եկեղեցւոյ շարականը կ՛ըսէ` Քրիստոս մահով մահը յաղթեց եւ յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւեց»:
Ապա հայրապետը շեշտեց Քրիստոսի յարութեամբ մեզի տրուած վերանորոգ կեանքը ապրելու ու արժեւորելու հրամայականը: «Չմոռնանք, որ Քրիստոս մեզի համար իր արիւնը թափեց, մեզի համար գերեզման իջաւ ու մեր առջեւ բացաւ դէպի փրկութիւն առաջնորդող վերանորոգ կեանքի ճամբան: Այդ կեանքի ճամբէն քալելը քրիստոնեայ մարդուն համար կ՛ենթադրէ ամէնօրեայ զոհողութիւն, ինչպէս Քրիստոս ինք ըսաւ` ան, որ կը հաւատայ իր խաչը թող առնէ եւ ետեւէս գայ: Արդարեւ, Քրիստոսի յարութեամբ մեզի տրուած վերանորոգուած կեանքը մենք կրնանք ապրիլ, երբ մեր կեանքը բարիքներով լեցնենք, երբ մեր կեանքը այնպիսի հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով շաղախենք, ուր ճառագայթէ յարուցեալ Քրիստոսի ներկայութիւնը: Ահա՛ Քրիստոսի յարութեան պատգամը մեր ժողովուրդի զաւակներուն», եզրափակեց վեհափառ հայրապետը:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս օրհնեց հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը եւ տուաւ մեր Տիրոջ ու Փրկչին յարութեան աւետիսը` յայտարարելով «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»: Ապա, ան վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց շնորհաւորութիւններ:
Շաբաթ, 20 ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, հանդիսապետութեամբ Արամ վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան Ճրագալոյցի Ս. պատարագը:
Պատարագի աւարտին լուսարարապետ սրբազան հայրը, բարձրանալով Ս. խորան, վար բերաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց Արամ Ա. հայրապետին: Ան, իր կարգին, բաշխեց հաւատացեալներուն, որոնք իրենց տուները տարին, որպէսզի լուսաւորուին Քրիստոսի ճշմարիտ լոյսով:
Ապա հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարան ուր, հաւատացեալներու բազմութեան մասնակցութեամբ, կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն: