Հայաստանի ժողովրդական արտիստուհի Ֆլորա Մարտիրոսեանի հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը վստահաբար տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ: Այդ մասին «Արմենփրէս»-ին տեղեկացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն` աւելցնելով, որ իրենց այդ մասին տեղեկացուցած է Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանը: Այժմ կը մնայ յստակեցնել, թէ մօտաւորապէս երբ տեղի պիտի ունենայ ան, քանի որ ԱՄՆ-ի մէջ անհրաժեշտ փաստաթուղթերու ձեւակերպման գործընթացը երկար կը տեւէ: «Երբ արդէն յստակ լինի տեղափոխման օրը, ՀՀ վարչապետի որոշմամբ կը ստեղծուի կառավարական յանձնաժողով, որն էլ կ’որոշի հոգեհանգստի եւ յուղարկաւորութեան հետ կապուած բոլոր հարցերը»,- ըսած են նախարարութենէն: Դեռ յայտնի չէ, թէ ուր պիտի ամփոփուի աճիւնը. ատիկա եւս պիտի որոշէ յանձնաժողովը:
ԱՄՆ-ի մէջ Նոյեմբեր 20-ին մահացած է ՀՀ ժողովրդական արտիստուհի Ֆլորա Մարտիրոսեան: Մահուան պատճառը լեղապարկի վիրահատութենէն ետք յառաջացած բարդութիւններն են: Ֆլորա Մարտիրոսեան Կոմիտասի անուան միջազգային երաժշտական դպրոցի հիմնադիրն է, «Artists for Peace» բարեգործական կազմակերպութեան հիմնադիրը, «Never Again» մշակութային շարժման նախաձեռնողը: Ան ծնած է 5 Փետրուար 1957-ին Կիւմրի: