ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան խմբակը կոչ ըրած է Ֆրանսայի իշխանութիւններուն, որ ազատ, ուղիղ եւ կառուցողական երկխօսութեան սկսի Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած իշխանութիւններուն հետ: Արցախի ֆրանսացի բարեկամները համոզում յայտնած են, որ ոչինչ պէտք է կանգնի Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ կապերու հաստատման դիմաց: Այս առումով, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը խստօրէն դատապարտած է Ատրպէյճանի այն փորձերը, որոնց նպատակն է միջամտել Ֆրանսայի հիւպատոսական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ՝ ճնշում գործադրել Ֆրանսայի վրայ, Արցախի քաղաքացիներուն ազատ տեղաշարժի իրաւունքը սահմանափակելու նպատակով:
Բարեկամութեան խմբակը նշած է, որ Պաքուի այս գործելաոճը դատապարտուած է ձախողութեան, իսկ Ֆրանսայի եւ Արցախի ժողովուրդներուն միջեւ կապերու խորացման ուղղուած հետեւողական ջանքերը պիտի շարունակուին, որովհետեւ անոնք կը հանդիսանան Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման կարեւոր գործօն:
Բարեկամութեան շրջանակը աւելցուցած է, թէ Պաքու կը փորձէ մեկուսացման եւ առճակատման իր քաղաքականութիւնը հակադրել խաղաղութիւն հաստատելու եւ համագործակցութեան ջանքերուն, ինչ որ միայն կը խորացնէ տարածաշրջանին խնդիրները:
«Ժողովրդավար Ֆրանսայի վրայ բռնատիրական չափանիշներ պարտադրելու Ատրպէյճանի փորձերը ուղղակի վրդովեցուցիչ են: Անթոյլատրելի կը համարեմ Արցախի քաղաքացիներուն ազատութիւններու սահմանափակումը», կը նշէ բարեկամութեան խմբակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուան:
Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան խմբակը յիշեցուցած է, որ Արցախը նեցուկ կը կանգնի 1994ի Մայիսին կնքուած հրադադարի մասին եռակողմանի համաձայնագիրին եւ կոչ կ՛ընէ Ֆրանսայի ու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող միւս երկիրներուն, որ ուղիղ կապեր հաստատեն Արցախի իշխանութիւններուն հետ եւ անկողմնակալութիւն ապահովեն Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Արցախի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:
«Արցախի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու անտեսումը կը խախտէ 1994ի համաձայնագիրի տառը եւ ոգին», կը շեշտէ Ռոշպլուան, աւելցնելով, որ հակամարտութեան լուծման կարելի չէ հասնիլ՝ «առանց հաշուի առնելու Արցախի ժողովուրդի կամքը»:
Բարեկամութեան խմբակը ընդգծած է, որ Արցախ դարձած է կենսունակ եւ պատասխանատու ժողովրդավարութիւն՝ նշելով, որ այդ պետութիւնը այլեւս չի կրնար անտեսուիլ եւ պէտք է ճանաչում ստանայ միջազգային հանրութեան կողմէ: