Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ Ֆրանսայի Ծերակոյտին ընդունած որոշումէն շաբաթ մը ետք, Ֆրանսայի Ազգային ժողովը այսօր՝ հինգշաբթի, 188՝ կողմ, 3՝ դէմ ձայներու տարբերութեամբ ընդունեց բանաձեւ մը, որ կ’ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղը հրատապ ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը:
Բանաձեւը կ’ընդգծէ Ազրպէյճանի կողմէ ռազմական ճանապարհով խաղաղութեան գործընթացը ձախողութեան մատնելու, Թուրքիոյ աջակցութեամբ ահաբեկչական խմբաւորումներ եւ վարձկաններ տեղափոխելու փաստերը: