Փարիզի մէջ, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք իր մահկանացուն կնքեց ֆրանսացի հանրածանօթ բեմադրիչ Ժորժ Լոթնէրը: Ան 87 տարեկան էր: Լոթնէր նկարահանած է աւելի քան յիսուն ժապաւէն: Բացի այդ, դարձած է 25 ժապաւէնի հեղինակ:
Լոթնէր ծնած է 24 Փետրուար 1926-ին, Նիսի մէջ: Իր ասպարէզի ընթացքին աշխատակցած է Ժան Փօլ Պելմանտոյի, Լուի Տը Ֆիւնէսի, Փիեռ Ռիշարի եւ Սոֆի Մարսոյի նման աստղերու հետ: