Հոկտեմբեր 10-14 Գերմանիոյ Մայնի Ֆրանքֆորթ քաղաքին մէջ պիտի կայանայ գիրքի միջազգային 64-րդ տօնավաճառը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի 100 երկրի շուրջ 7000 կազմակերպութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը:
Տօնավաճառին պիտի ներկայացուի 400 հայերէն գիրք:
Հայկական պատուիրակութիւնը այսօր արդէն կը մեկնի Մայնի Ֆրանքֆորթ: