«Գանձասար»-ի Գամիշլիի թղթակիցը յայտնեց, թէ կիրակի, 18 փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Գամիշլիի արեւմտեան թաղամասին մէջ ահաբեկիչներու կողմէն ականապատուած ինքնաշարժի մը պայթումին պատճառով հինգ քաղաքացիներ զոհուած են (3-ը` կին), իսկ եօթը ուրիշներ` վիրաւորուած: Վիրաւորները հիւանդանոց փոխադրուած են: Անոնցմէ ոմանց վիճակը ծանր է: