ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
13 օգոստոս 2021-ին երախտագիտութեան անխառն զգացումներով ողջունեցինք մաքրաբարոյ Մովսէս Ա. քհնյ. Ղազարեանի ծննդեան 95-ամեակը ու նոյն առիթով (թէեւ հեռու իրարմէ, սակայն սրտով մօտիկ) բաժնեկից դարձանք Ղազարեան ընտանիքի ուրախութեան եւ յաւուր պատշաճի առողջութեան բարեմաղթանքներու, մեր գիրով հաստատեցինք բոլորիս սիրելի տէր հօր գիտակցական կեանքին ընթացքին ընծայաբերած ամբողջանուէր ծառայութեան նուիրումը:
6 յունուար 2022-ին, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան բարեբաստիկ տօներուն առիթով, ընկալեալ սովորութեանս համաձայն, ջանացի շնորհաւորական բարեմաղթանքներս յայտնել նաեւ արժանապաիւ տէր հօր եւ իր ընտանիքին, սակայն խոր ցաւով եւ անակնկալօրէն ընկերս` Պերճը, յայտնեց իր հօր` Մովսէս Ա. քհնյ. Ղազարեանի առաւօտեան Սուրբ Ծննդեան պատարագը ունկնդրելու պահուն աստուածային նախախնամութեամբ տնօրինուած յանկարծակի եւ անակնկալ վախճանումի գոյժը:
Մովսէս Ա. քհնյ. Ղազարեանի յանկարծակի մահով Հայ առաքելական եկեղեցին եւ աշխարհացրիւ մուսալեռցիները կը կորսնցնեն մաքրակենցաղ հոգեւոր հովիւ մը ու տիպար համագիւղացի մը: Անոր առյաւէտ ննջումին առիթով պիտի ջանամ մտածումի փշրանքներ միայն մէկտեղել այն քաղցր յիշատակներէն, որոնք ունեցած եմ իրեն հետ Հայաստանի մէջ:
Մովսէս Ա. քհնյ. Ղազարեանը մեծապէս տպաւորած էր մեզ բոլորս` որպէս տիպար քահանայ հայր, հոգեւոր եւ ազգային օրինակելի կրօնական ու ուղղամիտ մեծ մարդ: Ան ծնած էր հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն դաժան օրերուն` Մուսա Լեռ, 1926 թուականին, Մանուկ եւ Մաքրուհի Ղազարեաններու նահապետական երդիքին տակ, աւազանի անունով` փոքրիկն Մովսէս: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ գիւղի վարժարանէն ներս, ուր կը դասաւանդէր իր հայրը եւս:
1939 թուականին մուսալեռցի ժողովուրդին հետ միասին Մովսէս պատանի հասակին իր մարմնին վրայ կը կրէ տարագրութեան ահաւոր տառապանքներն ու ցաւերը, կը կրէ հայրենիք ու բնօրրան կորսնցուցած ըլլալու ահաւոր իրականութիւնը:
Լիբանանի մէջ 40-ական թուականներու սկիզբը Մովսէս երիտասարդ հասակին իր եղբօր հետ Այնճար գաղթակայանէն կը տեղափոխուի Պէյրութ, ուր որպէս գրաշար կ՛աշխատի «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ: Ուսանելու խիստ փափաքը զինք կ՛առաջնորդէ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց, ուր կ՛աշակերտէ մեծանուն ուսուցիչ-դաստիարակ Յակոբ Օշականին` որպէս լաւագոյն աշակերտներէն մին: Կարճ ժամանակ մը կը վարէ Ժառանգաւորացի փոխտեսուչի պաշտօնը` իր ընկերներուն կողմէ արժանանալով «աւագ»-ի տիտղոսին: 1946 թուականի հայրենադարձութեան օրերուն ծնողքին հետ կը հաստատուի Երեւան եւ ապա իր ուսումը շարունակելու տենդով կ՛ընդունուի Ս. Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանը: 1951 թուականին պատուոյ յիշատակութեամբ աւարտելէ ետք իր ուսումը, կը ծառայէ Ս. Զօրաւոր եկեղեցւոյ` որպէս երգչախումբի ղեկավար, միեւնոյն ժամանակ տեղւոյն վարժարանին մէջ դասաւանդելով անգլերէն լեզու: 1954-ին կ՛ամուսնանայ Գարուն Գեուլգեուլեանին հետ եւ աստուածային նախախնամութեամբ կը բախտաւորուին հինգ զաւակներով: Կեանքով լեցուն Ղազարեան ամոլը մեծ նուիրումով կը լծուի իրենց զաւակներու հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան վեհ գործին: Մովսէս Ղազարեան կը ձեռնադրուի քահանայ` ստանալով աւազանի իր անունը որպէս տէր Մովսէս քահանայ: Ան երկար տարիներ կը ծառայէ Ս. Գեղարդայ վանքին` որպէս ծիսակատար քահանայ եւ լուսարարապետ:
Մովսէս Ա. քհնյ. Ղազարեան իր գիտակցական կեանքի ամբողջ ընթացքին, մանկութենէն մինչեւ Այնճարի գաղթակայանը ու մինչեւ Երուսաղէմ ու մինչեւ իր կեանքին մայրամուտը Հայաստանի մէջ, եղաւ լուսաւորչակեդրոն հաստատ համոզումներու կոչումի տէր իրաւ մարդ, եղաւ Մուսայ Լերան մեր նախահայրերուն ծառայութեան ու նուիրումի ոգին մարմնաւորող տիպար մուսալեռցին ու իր կոչումին հաւատարիմ հոգեւորականը: Անցնող 96 տարիներուն, Մուսայ Լերան անառիկ լեռներէն մինչեւ Լիբանան ու մինչեւ մայր հայրենիք` իր կեանքի մայրամուտը, Մովսէս Ա. քահանան եղաւ ազգանուէր, հաւատաւոր, ժրաջան ու անզուգական ընտանիքի հայր, մեծ հայր եւ մաքրակենցաղ հոգեւոր հովիւ, որ ընտանեկան սրբութիւնները, ազգասիրութիւնն ու քրիստոնէական հաւատքը ըմբռնեց էապէս` որպէս լիիրաւ արժէք:
Հոգեւորականի ինքնավստահութեամբ եւ մեր ազգային իտէալներու իրականացման ի խնդիր, խորհրդային դաժան օրերուն իսկ ինքնագիտակից հաւատարմութեամբ եւ ինքնուրոյն յանդգնութեամբ ծառայեց Հայ առաքելական Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի ու մայր հայրենիք Հայաստանի աստիճանաւոր վերելքին: Հոգեւոր անդաստանին մէջ ընծայաբերած իր աշխատանքներուն ճամբով ընդհանրապէս եւ հայ ժողովուրդին համար մասնաւորաբա՛ր անգնահատելի եղաւ անոր ամբողջանուէր ծառայութիւնը: Ան` որպէս գրագէտ եւ արձակագիր, իր հրատարակած գիրքերով եւ յօդուածներով իր արդարագոյն լուման դրաւ գրական գանձարանին մէջ` ապահովելով պատուաբեր եւ արժանաւոր անկիւն մը գրական անդաստանէն ներս, որուն համար մուսալեռցիներս պիտի մնանք երախտապարտ ու հպարտ:
Մովսէս Ա. քհնյ. Ղազարեան 96-ամեայ իր կեանքին ընթացքին եղաւ եւ մնաց քրիստոնէական հաւատքի ազգային ժառանգութեան ճշմարիտ հետեւորդն ու պահապանը հոգեւոր ծառայութեան բոլոր օրերուն, ան եղաւ մարդկային առաքինութեանց գերազանց համադրումը: Անոր ապրած երկրային կեանքի օրերուն արժեւորեց իր կեանքը` փարելով աստուածաշնչական գերագոյն արժէքներուն` բարիին, խոնարհին, ճշմարիտին, եւ զանոնք ընտրեց որպէս իր կեանքի ցուցանիշն ու նշանաբանը:
Այո՛, ան եղաւ ու մնաց խոնարհ իր հոգեւորականի կոչումին մէջ` ամբողջական գիտակցութեամբ, մինչեւ իսկ` հիւանդանոցի մահիճին մէջ, ու մինչեւ իր վերջին շունչը սիրեց մարդկութիւնը եւ մարդկային անզուգական ազնուութեամբ ծառայեց Հայաստանի Մուսայ Լեռ հայրենակցական միութեան ճամբով բոլորին, եղաւ ներողամտութեան օրինակելի տիպար մը, անոր քաղցր բնաւորութիւնը եղաւ իր կեանքի յաջողութիւններուն գրաւականն ու բանալին:
Աստուածային նախախնամութեամբ, ահա, Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան օրերուն հոգելոյս Մովսէս Ա. քհնյ. Ղազարեանի հոգին հրաժեշտ կ՛առնէ այս անցաւոր աշխարհէն, կը սաւառնի մայր հայրենիքի քաղաքամայր Երեւանէն, Հայաստանի ու Արցախի երկնակամարներուն վրայով կը հասնի իր ծննդավայրը` Մուսա Լեռ, Գապուսիէ, մինչեւ Լիբանանի Այնճար հայաւանը ու մինչեւ անդենական` միանալու յաւէտ հանգիստ գտած իր անգին կնոջ` լուսահոգի բարեբարոյ երէցկինին` Գարունին, Մուսա Լերան 18 սրբացած նահատակներուն, մերօրեայ արցախեան գոյամարտին նահատակուած անձնուրաց հերոսերուն ու հարազատներուն եւ մեր բիւրաւոր սիրելիներուն, որոնց, վստահ եմ, շատ բաներ ունի պատմելիք:
Տէր Մովսէսի մահը կը յուզէ մեզ բոլորս, եւ յառաջիկային ալ վստահաբար մեծապէս պիտի զգանք անոր բացակայութիւնը մանաւանդ Հայաստանի Մուսայ Լեռ համալիրի տօնախմբութիւններուն: Մենք կը հաւատանք սակայն, որ անոր կտակած բազմաթիւ աշխատանքներուն եւ յիշատակներուն ընդմէջէն ան յաւերժօրէն պիտի շարունակէ ապրիլ մեր բոլորին գիտակցութեան մէջ` որպէս հոգեւոր կոչումի տէր քահանայ հայր:
Մովսէս Ա. քհնյ. Ղազարեանի մահով Սուրբ Էջմիածինի Մայր Աթոռը, Ղազարեան ընտանիքը, Հայաստանի Մուսայ Լեռ հայրենակցական միութեան մեծ ընտանիքը, աշխարհացրիւ մուսալեռցիներն ու Այնճար հայաւանի համագիւղացիները կը կորսնցնեն ազնուասիրտ հայր մը եւ մեծ հայր մը, հաւատաւոր ազգային նուիրեալ մը, տիպար մուսալեռցի իրաւ հայ մը եւ մաքրակենցաղ հոգեւորական մը` բառին բովանդակ իմաստով:
Հայրենիքի սուրբ հողը թեթեւ գայ մեր անգին քահանայ հօր` Տէր Մովսէս Աւագ Քահանայ Ղազարեանի միւռոնաօծ մարմնին ու յոգնած ոսկորներուն վրայ: Յաւիտենական հանգիստ` մաքրակենցաղ մեր բարի հովիւին:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: