Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պաապտայի մէջ. «Լիբանան համահունչ կը մնայ Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին մասին անցեալ հինգշաբթի օրուան իր կեցուածքին» շեշտեց Պու Հապիպ

March 3, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Aoun Meets Miqati, Says Govt. to Address Cost-of-Living Issues

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը կարելի չէ վարկաբեկումի թիրախ դարձնել: Ան ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը պատասխանատուներ եւ լրագրողներ կ՛անտեսեն սահմանադրութիւնը եւ ազգային մակարդակի վրայ ցաւ պատճառող յայտարարութիւններ կը կատարեն:

«Հանրապետութեան նախագահն է, որ կը կատարէ բանակցութիւնը` միջազգային համաձայնագիրներու հիման վրայ, ապա ան այդ մանրամասնութիւնները կը բաժնէ վարչապետին հետ, ապա կառավարութեան եւ վերջապէս խորհրդարանին հետ, սահմանադրութեան թիւ 52 յօդուածին լոյսին տակ», կը գրէ նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու միջազգային զարգացումները, ինչպէս նաեւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը:

Երեկոյեան նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու խորհրդական Վիքթորիա Նուլընտէն, որուն հետ նաեւ քննարկեց Լիբանանի ծովային սահմանագծումի թղթածրարը, Սուրիոյ վրայով Եգիպտոսէն ու Յորդանանէն կազ եւ ելեկտրականութիւն ապահովելու հեռանկարները, երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները, ինչպէս նաեւ ռուս-ուքրանական տագնապին զարգացումները:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ապա իշխանութեան պետերուն հանդիպումին միացաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ:

Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ Պաապտայէն յայտարարեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն կը պահանջէ աշխատիլ` ամրապնդելու ռուս-ուքրանական տագնապը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով լուծելու առիթները:

Պու Հապիպ հաստատեց, որ Լիբանան համահունչ կը մնայ Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին մասին անցեալ հինգշաբթի օրուան իր կեցուածքին:

 
Previous Post

«Արեան գնով ձեռք բերուած մեր յաղթանակը ոչնչացնելու այս ընթացքը պէտք է կասեցուի» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Next Post

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը Ռուսիայէն Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնը դադրեցնել պահանջող բանաձեւ մը որդեգրեց

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.