ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) միշտ ալ մեծ կարեւորութիւն տուած է մշակութային ժառանգութեան կառոյցներու պաշտպանութեան ու պահպանութեան, այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնեցին ԵԱՀԿի լեհաստանեան նախագահութենէն՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին տեղական եւ միջազգային զեկոյցներուն ու ահազանգներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի կառոյցներու հնարաւոր կատարելիքներուն՝ այդ հարցին առնչութեամբ:
«ԵԱՀԿի Լեհաստանի նախագահութիւնը պատմական եւ մշակութային բոլոր յուշարձաններու պաշտպանութիւնը կը նկատէ մեր միացեալ պարտաւորութիւնը», յայտնեցին ԵԱՀԿի գործող նախագահի գրասենեակէն՝ յիշեցնելով, որ տակաւին Յունիս 1991ին՝ մշակութային ժառանգութեան նուիրուած Քրաքովի միջազգային գիտաժողովին ԵԱՀԿi մասնակից պետութիւնները խոստացած էին «համապատասխան միջազգային համաձայնագիրներուն համահունչ ջանքեր գործադրել՝ մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու համար», ինչպէս նաեւ պարտաւորութիւն ստանձնեցին սերտօրէն համագործակցելու կրօնական դաւանանքներու, հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ՝ «մշակութային ժառանգութեան պահպանման առնչութեամբ եւ պատշաճ ուշադրութիւն դարձնել կրօնական ծագում ունեցող յուշարձաններուն եւ առարկաներուն»:
Այս պարունակին մէջ, ԵԱՀԿի Լեհաստանի նախագահութիւնը ամբողջովին կ՛աջակցի կազմակերպութեան համապատասխան բոլոր կառոյցներուն, որոնց կարգին՝ Մինսքի խումբի համանախագահներուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համապարփակ եւ տեւական խաղաղութեան միտուած իրենց ջանքերուն: Ըստ նախագահութեան՝ ասիկա էապէս պիտի բարելաւէ ամբողջ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ բարեկեցութիւնը եւ պիտի ապահովէ պատմական եւ մշակութային բոլոր յուշարձաններու պաշտպանութիւնը:
Լեհական նախագահութիւնը զերծ մնաց Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի գործողութիւններու վերաբերեալ Լա Հէյի միջազգային դատարանի նախորդ տարուան Դեկտեմբերի որոշումը մեկնաբանելէ: