Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի 100-ամեակին առիթով. երաժշտական յիշատակելի եւ բարձրորակ ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի եւ անոնց նուագախումբին կատարողութեամբ

March 28, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Մշակութային
0
Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի 100-ամեակին առիթով. երաժշտական յիշատակելի եւ բարձրորակ ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի եւ անոնց նուագախումբին կատարողութեամբ

Ն. Բ.

Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի 100-ամեակին առիթով նախորդ շաբաթավերջին` 19-20 մարտ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական իւրայատուկ եւ բարձրորակ համերգ մը, որ վերջին տարիներուն Լիբանանի մէջ տիրող տարբեր տագնապներուն պատճառով լիբանանահայութեան ապրած կիսանադամալոյծ կեանքին մէջ ներմուծեց նոր եռանդ, արուեստի յիշատակելի պահեր ապրելու վայելք եւ դրական տրամադրութիւն:

Երկու օրերուն ալ ամբողջովին լեցուն սրահին մէջ իրենց տաղանդներով ժողովուրդը հմայեցին ճազ դաշնակահար Վահագն Հայրապետեան, երգիչ, բեմադրիչ եւ դերասան Հայկ Պետրոսեան` ընկերակցութեամբ իրենց նուագախումբին, որուն մաս կը կազմէին Դաւիթ Գյոդակեան` կրկնաբամբ ջութակ, Արման Մնացակեան` թմբուկ եւ Դանիէլ Մելքոնեան` շեփոր:

Երաժշտական երեկոյին բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմէնճեան, որ դիտել տուաւ, թէ վարժարանի 100-ամեակին իբրեւ անդրանիկ ձեռնարկ պատշաճ նկատած են երաժշտական երեկոյթով սկսիլ տօնակատարութիւնները, «որպէսզի դրական մթնոլորտով շարունակենք մեր երթը, միշտ փառք տալով Աստուծոյ` Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի 100 տարիներու բեղուն առաքելութեան համար»:

«Այս 100 տարիներուն վարժարանը անցած է շատ վերիվայրումներէ, ունեցած է տխուր եւ ուրախ օրեր, սակայն, այս բոլորով հանդերձ, շարունակած է իր կրթական երթը եւ սերունդներ կերտած հայեցի ու հոգեւոր դաստիարակութեամբ:

«Այսօր, շատ պատճառներ ունինք Աստուծոյ փառք տալու եւ ուրախանալու: 100 տարիներ առաջ խեղճուկ պայմաններու մէջ հիմնուեցաւ այս դպրոցը` տեսիլք եւ հաւատք ունեցող առաջնորդներու կողմէ, իսկ այսօր ան կը վայելէ բարձր վարկ Լիբանանի հայ գաղութին մէջ», ըսաւ Մարալ Տէյիրմէնճեան: Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց երաժշտական երեկոյին յաջողութեան համար իր ներդրումը ունեցած իւրաքանչիւր անձի, յատկապէս Ամերիկայի մէջ գործող Շրջանաւարտից միութեան, որ նեցուկ կանգնեցաւ վարժարանի 100-ամեակի բոլոր ձեռնարկներուն:

Ապա բեմ բարձրացաւ տաղանդաշատ Հայկ Պետրոսեան, որ նախ շնորհաւորեց վարժարանի 100-ամեակը, խօսեցաւ մարդու կեանքին մէջ դպրոցին ունեցած մեծ դերակատարութեան մասին, որուն աշակերտը նոյն փուլին կրնայ չանդրադառնալ, սակայն կեանքի ընթացքին մարդ անպայման պիտի զգայ ու գիտակցի, թէ իր նկարագիրի հիմքը դրուած է դպրոցական յարկին տակ, ուր ստացած է ոչ միայն կրթութիւն եւ գիտութիւն, այլ նաեւ գուրգուրանք եւ դիմագիծ: Անկէ ետք իրեն միացան նուագախումբն ու Վահագն Հայրապետեանը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր տաղանդով եւ վարպետութեամբ ստեղծեց երաժշտական այնպիսի մթնոլորտ մը, որմէ երկար ատենէ զրկուած էր լիբանանահայութիւնը: Արդարեւ, Հայկ Պետրոսեան, որ դերասան ու երգիչ է միեւնոյն ատեն, իր զոյգ կարողութիւններով կրցաւ գերել ներկաները, անոնց ուշադրութիւնը բեմին վրայ պահել ամբողջ երեկոյին ընթացքին, աւելի՛ն, զանոնք մասնակից դարձնել համերգին:

Աւելի քան մէկուկէս ժամ շարունակ սրահին մէջ կարծես ստեղծուեցաւ համաստեղութիւն մը, իւրայատուկ կապ մը բեմին եւ ներկաներուն միջեւ, դրական ներուժն ու արուեստի վայելքը տիրական դարձան: Վահագն Հայրապետեան, Հայկ Պետրոսեան եւ անոնց նուագախումբը ներկայացուցին Ազնաւուր, հայկական հին ու նոր երգեր` ճազային մեկնաբանութեամբ, անոնք իրենց երգացանկը ընտրած էին այնպիսի վարպետութեամբ ու բծախնդրութեամբ, որ երաժշտասէր հանրութիւնը լիովին ըմբոշխնեց ամէն մէկ երգ, որոնց մեծամասնութեան նախօրեակին ալ Հայկ Պետրոսեան անպայման մուտքի բաժին մը կատարեց` երգին, երգիչին մասին դրուագ մը, յատկանշական դէպք մը պատմելով, ինչ որ աւելի եւս հետաքրքրական դարձուց երեկոն:

Տարբեր առիթներով ներկաներուն անվերջանալի եւ անդադրում ծափահարութիւնները, ելոյթէն դժուար դուրս ելած հանդիսատեսներուն ժպտուն դէմքերն ու բարձր տրամադրութիւնը բաւական խօսուն փաստեր էին, որ խումբը կրցած էր նուաճել յաջողութիւնը եւ Հայ աւետարական բարձրագոյն վարժարանի պատասխանատուներուն նպատակը` դրական ներուժ փոխանցելու, հասած էր իր նպատակին:

Տաղանդաւորներու իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ ու կատարողութեամբ դրսեւորուած այս երեկոն, վստահաբար, անմոռանալի դրոշմ ձգեց իւրաքանչիւր ներկայի էութեան մէջ:

Previous Post

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի հովուապետական եւ զօրակցական այցելութիւնը Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոն

Next Post

Մինչ դատական գործընթացը կը սպառնայ անդամալուծել երկիրը` վառելանիւթի տագնապը կ՛ուղղուի դէպի լուծում

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.