Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Խորհրդարանը վաւերացուց շարք մը օրինագիծեր. վարչապետ Միքաթի. «պիտի չհրաժարիմ, որովհետեւ չեմ փափաքիր երեսփոխանական ընտրութիւնները ջնջելու պատճառ դառնալ»

March 30, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
‘No Serious Talks’ between Miqati, Paris on Succeeding Hariri

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրը եւ Բնակարանային վարկերու յատուկ դրամատան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Հապիպը: Քննարկուեցան երկրին ելեւմտական ու դրամատնային իրավիճակը եւ ներկայ փուլին դրամատուներուն դերակատարութիւնը:

Նախագահ Աուն այսօր կէսօրէ ետք պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որ տեղի ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ:

Նիստին սկիզբը վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խորհրդարանի նախագահէն պահանջեց նիստը վերածել լիագումար նիստի մը` արծարծելու համար կառավարութեան վստահութեան քուէի հարցը, սակայն Պըրրի պատասխանեց ըսելով, որ այս նիստը օրէնսդրական նիստ է` աւելցնելով, որ ինք այդ իմաստով ոչ մէկ առաջարկ ստացած է:

Ապա խորհրդարանը շարունակեց իր նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուց երեսփոխանական ընտրութիւնները ֆինանսաւորելու նպատակով ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան յատկացուելիք յաւելեալ գումարին վերաբերող օրինագիծը: Այդ օրինագիծին շրջագիծին մէջ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան առաջարկեց նաեւ յաւելեալ գումար վաւերացնել` նկատի ունենալով նաեւ լիբանանցիներուն անցագիրները պատրաստելու ֆինանսաւորումը: Քանաանի առաջարկը վաւերացուեցաւ:

Խորհրդարանը վաւերացուց ուսանողի տոլարին յատուկ օրինագիծը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները յետաձգեց 31 մայիս 2023-ին:

Խորհրդարանը քննարկեց նաեւ շինարարական կարգ մը արտօնագիրները տուրքերէ զերծ պահելու օրինագիծը, որուն մասին մեծ թիւով երեսփոխաններ իրենց մերժումը յայտնեցին, սակայն այդ օրինագիծը վաւերացուեցաւ քուէարկութեան հետեւեալ պատկերով. 44` թեր, 33` դէմ եւ 2` ձեռնպահ:

Խորհրդարանը վաւերացուց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած շրջաններու պահպանումին եւ վերակառուցման յատուկ օրինագիծ մը, լիբանանեան դեղորայքի արտադրութեան օժանդակելու օրինագիծը, ինչպէս նաեւ Թլէյլի պայթումին զոհերը լիբանանեան բանակի նահատակներուն համազօր նկատելու օրինագիծը:

Յետմիջօրէի ժամը 12:50-ին Պըրրի յայտարարեց նիստին աւարտը` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Վարչապետ Միքաթի նիստէն ետք յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի չհրաժարի, որպէսզի երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու պատճառաբանութեան մը առիթ տուած չըլլայ:

«Երեսփոխանական ընտրութիւնները ջնջելու պատճառ չեմ կրնար ըլլալ, եւ այդ պատճառով ալ պիտի չհրաժարիմ», ըսաւ ան:

Ան նկատել տուաւ, որ ինք նախանցեալ օր լսած է յայտարարութիւններ, որոնք կը վերաբերին կառավարութեան վստահութեան քուէին, եւ այդ պատճառով ալ Պըրրիին ներկայացուցած է այդ պահանջը:

Վարչապետը ընդգծեց, որ իրենց քարտերը բաց են, եւ իրենք պատրաստ են ամէն ինչ թափանցիկութեամբ ներկայացնելու: «Երկրին տագնապները ամբոխահաճոյ կերպով կարելի չէ լուծել, որովհետեւ հայրենիքը սուղ կը վճարէ անոր գինը, իսկ կացութիւնը կը դառնայ ապառողջ: Եթէ միասնաբար չաշխատինք, անկարելի է, որ լուծումներու յանգինք», ըսաւ ան:

Previous Post

Պայտընի ամավարկին մէջ Հայաստանին տրուող նպաստը միայն 24 միլիոն տոլար է

Next Post

Պու Հապիպ. «Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին Լիբանան վերադարձին մասին տեղեակ չենք, սակայն Քուէյթի դեսպանը պիտի վերադառնայ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.