ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլմահ Ալիեւ յայտարարեց, որ Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի մէջ կը ծածանի Ատրպէյճանի դրօշը։ Ան Շուշի այցելեց իր հօր` նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի ծննդեան 99ամեակի օրը։
«Իմ հայրս, դժբախտաբար չտեսաւ այս օրը», յայտարարեց ան` նշելով, որ 2003ին արդէն երդուած էր շարունակել Հայտար Ալիեւի գործը եւ վերականգնել «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը»:
«Ես երջանիկ մարդ եմ, որովհետեւ չդրժեցի իմ խոստումը, եւ Ղարաբաղը այսօր ազատ է», յայտարարեց Իլհամ Ալիեւ։