Հեռատեսիլի «Netflix» ալիքով պիտի ցուցադրուի Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կազմակերպութեան պատմութեան մասին վաւերագրական շարժապատկեր մը՝ «Անոնք պէտք չէ զոհուին. Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի պատմութիւնը» խորագիրով:
«20րդ դարու սկիզբը ստեղծուած է այս ամերիկեան բարեգործական խումբը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու համար: Անոր նպատակներէն մէկն էր փրկել որբերու սերունդը, որուն ընտանիքներու անդամները սպաննուած էին: Վաւերագրական շարժապատկերը կը պատմէ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն տրամադրուած օգնութեան պատմութիւնը», նշուած է շարժապատկերին մասին տեղեկագրութեան մէջ՝ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի կայքին վրայ:
Յիշենք, որ թերթը շարժապատկերին անունը զետեղած է իր յանձնարարած ֆիլմերու շարքին:
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, Հայ Դատի յանձնախումբը շարք մը ձեռնարկներով հայ ժողովուրդին երախտագիտութիւնը յայտնեց Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին՝ հայ որբերու փրկութեան գործին անոր բերած մեծ աջակցութեան համար: