Ֆրանսացի հանրայայտ դերասան Ալէն Տլոն Դեկտեմբեր 17-ին պիտի ժամանէ Երեւան: Այս մասին յայտնեց «Արմէնիա փրոտաքշըն»-ի գլխաւոր արտադրող Վալերի Սահարեան, նշելով, որ հանրածանօթ դերասանը Դեկտեմբեր 18-ին «Մոսկուա» շարժանկար-թատերասրահին մէջ ներկայ պիտի գտնուի իր մասնակցութեամբ «Շնորհաւոր Նոր տարի, մայրիկներ» շարժանկարի անդրանիկ ներկայացման: Շարժանկարի ցուցադրութիւնները պիտի մեկնարկեն Դեկտեմբեր 27-էն:
Սահարեանի խօսքով, Տլոնի հետ միասին Երեւան պիտի ժամանեն նաեւ շարժանկարի դերասանական կազմի եւս քանի մը դերասաններ, ինչպէս Պաւէլ Վոլեա, Ելիզաւէթա Պոյարսգայա, Կոնստանթին Գրիւգով եւ այլք:
Շարժանկարի արտադրողներն են Ղեւոնդ Անդրէասեան, Գէորգ Մալգով, իսկ համաարտադրողը Վալերի Սահարեանն է:
«Շնորհաւոր Նոր տարի, մայրիկներ» շարժանկարը հինգ տարբեր բեմադրչիներու` Սարիկ Անդրէասեանի, Տմիթրի Կրաչովի, Արտեոմ Մաքսիմենգոյի, Անտոն Պորմադովի եւ Գլիմ Բոբլաւսգիի վէպերէն բաղկացած ներկայացում է: Ռոմանթիկ կատակերգութեան հիմնական մասը նկարահանուած է Ռուսաստանի մէջ, իսկ Ալէն Տլոնի մասը` Ֆրանսայի: Շարժանկարի գլխաւոր թեման մայրերու հանդէպ սէրն է. գլխաւոր հերոսուհին կը փորձէ իրականացնել իր մօր երազանքը, որ ամբողջ կեանքին մէջ երազած է տեսնել Ալէն Տլոնը:
Հերոսուհին կը կազմակերպէ այցը Փարիզ, ուր անոր մայրը պատահական կը հանդիպի Ալէն Տլոնին: Շարժանկարի պիւտճէն կազմած է 6 միլիոն տոլար, տեւողութիւնը՝ 90 վայրկեան: