Արցախի հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի կարծիքով, Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները Արցախ դէմ, ոչ թէ Ազրպէյճանի ժողովուրդին պատերազմն է , այլ՝ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի իշխանութիւնը պահելու պատերազմը:
« Ազրպէյճանի ժողովուրդը թող ժողովրդավարական ճանապարհով իշխանութիւններ ընտրէ եւ մենք պատրաստ ենք բանակցելու, որովհետեւ այդ հարցերուն շրջանակը ոչ թէ կը վերաբերի Երեւանին, այլ կը վերաբերի Պաքուին եւ Ստեփանակերտին». յայտնեց Թովմասեան՝ շեշտելով Արցախը իբրեւ բանակցային կողմ ընդունելու անհրաժեշտութիւնը:
Թովմասեան հաւաստեց, թէ պաշտպանութեան բանակը կասեցուցած է թշնամիին յառաջխաղացը եւ ի վիճակի է տեղափոխուելու թշնամիի տարածք եւ պատերազմին ելքը վճռելու այնպէս, ինչպէս պատահեցաւ 1992-94 թուականներու պատերազմի ժամանակ, ինչպէս պատահեցաւ 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմի ժամանակ, ինչպէս պատահեցաւ տաւուշեան դէպքերուն ժամանակ: