«Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսին կազմակերպած գրական հանդիպումներուն ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 20 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, յատուկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած այս գրական զրոյցին գլխաւոր բանախօսներն էին «Բագին»-ի խմբագիր Յակոբ Պալեան եւ Կարօ Աբրահամեան:
Նախ եւ առաջ խօսք առաւ Կարօ Աբրահամեան, որ լուսանկարչութեան հակիրճ պատմականը կատարեց` մէջբերելով պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի այն կարծիքը, ըստ որուն, «լուսանկարչութիւնը 7-րդ արուեստ է»: Աբրահամեան նշեց, որ Միջին Արեւելքի առաջին լուսանկարիչը եղած է Եսայի վրդ. Կարապետեան, որ աշակերտած է պոլսահայ հանրածանօթ լուսանկարիչներ Վիգէն եւ Յովսէփ Ապտիւլլահեան եղբայրներուն, ծանօթ` «Պիրետեր» մակդիրով: Ապա Աբրահամեան ներկայացուց Գալուստ Պապեանի «Ներաշխարհիս ոսպնեակէն» մեծածաւալ ալպոմը: Սեւ ու ճերմակ պատկերներով 324 էջերէ բաղկացած հաստափոր հատընտիր մը, ուր լուսանկարները իրենց փոխաբերական իմաստով նոյնքան կշիռ կու տան ալպոմին: Քանատահայ բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեան գրած է անգլերէն յառաջաբանը, իսկ հայերէնով` «Հորիզոն»-ի խմբագիր Կարօ Արմէնեան: Կարօ Աբրահամեան յայտնեց, որ հատընտիրը կ՛ընդգրկէ երեք մասեր, որոնց առաջինը կ՛անդրադառնայ ալպոմին մէջ տեղ գտած դէմքերու լուսանկարներուն, ինչպէս` Արամ Ա. կաթողիկոս, Շարլ Ազնաւուր, Պօղոս Սնապեան, Նիկոլ Պեզճեան, Գրիգոր Պըլտեան, Յարութիւն Քիւրքճեան եւ ուրիշներ: Երկրորդ մասը կ՛անդրադառնայ հեղինակին Հայաստան կատարած այցելութեան տպաւորութիւններուն` լուսանկարներով ու համապատասխան բացատրականներով: Երրորդ մասը կ՛ընդգրկէ աւելի ազգային մտահոգութիւններ խորհրդանշող փոխաբերական բացատրականներով լուսանկարներ, ինչպէս` բեմադրիչ Սերկէյ Փարաճանովի փշաթելի ետին կանգնած մէկ գծանկարը, որ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Փարաճանով անմիջականօրէն գծած էր ի պատասխան հեղինակին` Գալուստ Պապեանի այն հարցումին, թէ` «Սերկէյ, քեզի համար ի՞նչ է հայը, ի՞նչ է հայութիւնը»: Գծանկարին տակ Պապեան հետեւեալը մեկնաբանած է. «Բազմատաղանդ Փարաճանով իր տարերքին մէջ էր…»:
Ապա խօսք առաւ Յակոբ Պալեան, որ անդրադարձաւ լուսանկարչական արուեստի արժեւորման ու չափանիշներուն: «Այսօր ամէն մարդ կը նկարէ, բայց արուեստագէտին եւ իմ ոսպնեակս նոյնը չէ, որովհետեւ նկարը «տեսնելու» յատուկ կերպ կայ: Ան թուեց այս մարզի գլխաւոր արուեստագէտ-լուսանկարիչներէն անուններ, ինչպէս` Գարշը, Հերի Գունտաքճեանը Պուրճ Համուտի «Ֆոթօ Մանուկ»-ը, Վարուժան Սէթեանը: Կարօ Աբրահամեան հոս ընդմիջեց աւելցնելով Տաւիտ Պոյաճեանի անունը:
«Իսկական լուսանկարիչ-արուեստագէտը ան է, որ նախապէս կ՛ուսումնասիրէ իր նկարելիք առարկան», ընդգծեց Պալեան` իբրեւ օրինակ նշելով հայազգի աշխարհահռչակ արուեստագէտ լուսանկարիչ Հերի Գունտաքճեանը, որ Արարատը հակառակ կողմէն նկարած էր` գետին պառկած վիճակով, սլացիկ տեսք տալով բռնագրաւեալ հայկական խորհրդանշանին:
Պալեան այս գծով շեշտեց հրատարակուող գործերու ցրուումի կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անիկա մատչելի դառնայ աշխարհասփիւռ բոլոր հայերուն: «Ցրուումի հարց կայ, պէտք է մտածել յատուկ ընկերութիւններու մասին, որոնք հեղինակին որոշ գումար մը վճարելէ ետք, իրե՛նք կը ստանձնեն հրատարակուած աշխատութեան ցրուումի եւ վաճառքի կազմակերպումը: Արդէն կ՛ըսեն` գիրքը եղած է նուէր տրուելու համար», ցաւով ընդգծեց Յակոբ Պալեան:
Աւարտին, շահեկան զրոյց կայացաւ երկու բանախօսներուն եւ ներկաներուն միջեւ: