Շուրջ տասը տարի առաջ այս օրերուն, Միացեալ Նահանգներ ներխուժեց Իրաք: Անտեսելով միջազգային ընտանիքին ինքնազսպումի յորդորները եւ շահարկելով՝ անգոյ հաւաքական քանդումի զէնքերու սպառնալիքը, Միացեալ Նահանգներ ներխուժեց Իրաք: Ամէն ոք գիտեր, թէ Իրաք ոչ մէկ առնչութիւն ունէր 11 Սեպտեմբերի յարձակումներուն հետ, սակայն Ուաշինկթընի «Նոր Բազէ»ներուն ձեռնտու էր շահագործել 11 Սեպտեմբերը: Մէկ քանի ամսուան ընթացքին, Իրաք « դարձաւ» ահաբեկչութիւն սերմանող պետութիւն: Հետեւաբար, անհրաժեշտ էր հասնիլ «աղբիւր»ին ու ժողովրդավարական հասարակարգ ստեղծել… քանդել: Անմիջապէս յօրինուեցաւ անգոյ հաւաքական քանդումի զէնքերու առեղծուածը:
Տասը տարի սպասելու անհրաժեշտութիւն չկար, համոզուելու հաւաքական քանդումի զէնքերու սին առասպելին: Միայն կեղծ ու ստայօդ քարոզչական յանցագործութիւն մը չէր Իրաք ներխուժումը: Արեւմտեան լուսարձակները կը խուսափին յիշատակելու անոր մարդկային, ընկերային ու տնտեսական կորուստները…: Ինչպէս Վիէթնամի պատերազմը, ամերիկեան վիճակագրական կառոյցներ համեստ թիւեր կը ներկայացնեն մարդկային կորուստներուն պարագային, հազիւ 110-120 հազարի հասնող: Սակայն Լոնտոնի մէջ գործող « Օփինիըն Ռիսըրչ Պիզնըս» կազմակերպութիւնը, առարկայական եւ բազմակողմանի տուեալներու լոյսին տակ, հրապարակեց պատերազմին հաշուետուութիւնը՝ մէկ միլիոն չորս հարիւր հազար զոհ, չորսուկէս միլիոն վիրաւոր, հաշմանդամ եւ վեց միլիոն գաղթական: : Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ 4488 բանակային, 3400 ապահովական ծառայող իրենց կեանքը կորսնցուցած են Իրաքի մէջ: Փենթակոնի տուեալներով, պատերազմը առնուազն վեց եռիլիոն տոլար գումար մը արժած է ամերիկեան գանձին: Փոքր գաղափար մը կազմելու համար, նշենք թէ Ամերիկեան Քաղաքացիական Պատերազմի ընդհանուր զոհերուն թիւը կը կազմէ Իրաքի մէջ ամերիկեան կորուստներուն երկուքուկէս առ հարիւրը: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, եւրոպական ցամաքամասի մէջ ամերիկեան կորուստները կը գնահատուին Իրաքի մէջ անոր զոհերուն չորս առ հարիւրը, իսկ Ճափոնի դէմ պատերազմին՝ մէկ տոկոսը: 2003-ի ներխուժումին, ամերիկեան օդուժը կատարած է 29200 արշաւ, իսկ յառաջիկայ ութ տարիներուն ընթացքին՝ 3900: Վայրագօրէն ռմբակոծուեցան գրեթէ բոլոր քաղաքները: Զանազանութիւն չդրուեցաւ քաղաքացիներու, լրագրողներու, հիւանդանոցներու միջեւ: Ռմբակոծուեցան բնակելի վայրեր: Օգտագործուեցան ֆոսֆոր, ողկուզային, ուրանիոմ, նեփալմ պարունակող տեսակաւոր արգիլուած ռումբեր:
Ոչ ոք կը խօսի վերապրողներու վրայ պատերազմին լքած ներազդեցութեան մասին: Ֆալուճայի մէջ, ուր կատաղի բախումներ տեղի ունեցան Իրաքի Դիմադրութեան եւ ամերիկեան զօրքերու միջեւ, սրտային հիւանդութիւններով լոյս աշխարհ կու գան նորածիններու մեծամասնութիւնը: Անոնց վաթսուն առ հարիւրը, առաջին գարունը տակաւին չբոլորած կը հեռանայ այս աշխարհէն…: Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութիւնը անցեալ տարուան հրապարակած իր տեղեկագրին մէջ արձանագրած էր, թէ պատերազմի ընթացքին օգտագործուած քիմիական նիւթերը ապականած են երկրին կենսոլորտը եւ անհնար դարձուցած են կեանքի սովորական ընթացքը: Սի.Էն.Էն եւ լսատեսողական տարբեր աղբիւրներ հազուադէպ կ’անդրադառնան մարդկային այս ողբերգութիւններուն մասին: Տեսակաւոր հիւանդութիւնները, քաղցկեղը եւ անչափահասներու մահացութեան բարձր համեմատութիւնը, ըմպելի ջուրի եւ դեղօրայքի տագնապը, սահմանափակ բժշկական խնամատարութիւնը , հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ելեկտրականութեան տագնապը դարձած են սովորական եւ համատարած: Ուղեղներու արտահոսքը նոյնպէս իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ երկրին բարգաւաճումին, ճարտարարուեստի ու տնտեսական ոլորտներուն վրայ: 1980-90ականներուն, Արեւմտեան Ասիոյ լաւագոյն համալսարաններով հպարտացող Իրաքը, այսօր կը գլխաւորէ Միջին Արեւելքի մէջ անգրագիտութեան ցուցակը: Ապահովական պատճառներով, ուսուցիչներուն թիւը նուազած է ութսուն առ հարիւր: Ինչո՞ւ մարդկային քաղաքակրթութեան կարեւորագոյն ոստաններէն մէկուն՝ Իրաքի դէմ գազանաբարոյ այս յարձակումը: Ինչո՞վ կարելի է արդարացնել անոր բնական հարստութիւնները յափշտակելու նպատակով գործադրուած վայրագութիւնները:
Ուաշինկթընի բազէները կը խոստանային Սատտամի տապալումէն անմիջապէս ետք վերակառուցել Իրաքը: Ո՞վ կը հարցնէ այսօր, այդ խոստումներուն ճակատագիրը: Քայքայուած ենթակառոյցը վերանորոգելու նպատակով յատկացուած ողորմութիւնը հազիւ թէ ներկայացնէր անոր հիմնական պահանջներուն տաս առ հարիւրը: Միացեալ Նահանգներ միաժամանակ աւելի խորացուց համայնքային եւ յարանուանական բաժանումները: Այսօր, քարտէսի վրայ ունինք ներքնապէս ապակայուն եւ քաղաքացիական պատերազմի սեմին գտնուող Իրաք մը:
Իրաքի ապօրէն ներխուժումը հրահանգող ղեկավարութիւնը չգիտակցեցաւ, որ ծանր հարուած հասցուցած էր համաշխարհային բեմին վրայ Միացեալ Նահանգներու վարկին: Իրաքի պատերազմը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական մեծագոյն սխալն էր:
Իրաքի պատերազմին հետեւանքները աւելի հեռու կ’երթան, քան անոր պատճառած ֆիզիքական, տնտեսական ու բարոյական վնասները: Ուաշինկթըն, աշխարհաքաղաքական բաւական սուղ գին մը վճարեց Իրաք ներխուժելով: Միացեալ Նահանգներ կորսնցուց համաշխարհային քաղաքականութեան մէջյ վայելած միաբեւեռ եւ միահեծան իշխանութեան մենաշնորհը: Միացեալ Նահանգներ առ այսօր կը կրէ պատերազմին հետեւանքները, մինչդեռ պատերազմը եկաւ շրջանային եւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ ուռճացնելու Իրանի դերակատարութիւնը: Իրաքի պատերազմը գլխիվայր յեղաշրջեց Միացեալ Նահանգներու հանդէպ ժողվուրդներու պատկերացումը: Այլեւս ո՞վ այնքան միամիտ է հաւատալու Ուաշիկթընի յորջորջած՝ մարդկային իրաւանց, արժանպատուութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան կարգախօսները, բարոյական չափանիշները: Պատմութիւնը պիտի չներէ Իրաքի ներխուժումին պատասխնատուները, բայց միայն պատմութեան վճիռը բաւարա՞ր է արդեօք, առանց զանոնք բերելու Լա Հէյի Միջազգային Քրէական Ատեանին առջեւ: Փօլ Վոլֆովից՝ ներխուժումի գլխաւոր գաղափարախօսը, Տիք Չէյնի, Գոլին Փաուըլ, Թոնի Պլէր, Տոնալտ Ռամսֆելտ, Փօլ Պրեմնըր, Գոնտոլիզա Ռայս, Ճորճ Թենընթ, եւ անշուշտ՝ փոքրիկն Ճորճ Տապլիու Պուշ առ այսօր ոչ մէկ հաշուետուութիւն ներկայացուցած են միջազգային ընտանիքին:
Անցեալի սխալները անտեսելու Ուաշինկթընի ընթացքը բաւական աղիտալի հետեւանք կ’ունենայ անոր հեղինակութեան վրայ: Այս մէկուն վերջին ականատեսը նախագահ Պարաք Օպաման է: Վերջինիս Իսրայէլ կատարելիք այցելութեան նախօրէին, Աւիկտոր Լիպերման յայտարարեց, թէ Օպամայի խաղաղութեան ծրագիրը դատապարտուած էր ձաողութեան:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ